İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց

Փեսայն անմահ եւ երկնաւոր»

(Շարակնոց)

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Մեծ աւետիսը մեր Տիրոջ եւ Փրկչի հրաշալի Յարութեան, մեր սիրտը վերստին կը լեցնէ լոյս զգացումներով ու սուրբ սպասումներով: Աստուած իր ամենասքանչելի գործը կատարած է՝ Միածին Որդին աշխարհ ղրկելով, որպէսզի իր ստեղծած մարդուն մեղքերու քաւութեան համար ա՛ն պատժուի: Իր ծրագիրն է յարուցեալ Փրկչին միացնելով, մարդուն շնորհել յաւիտենական կեանք, որպէսզի ան անվերջ դարեր ապրի իր ներկայութեան մէջ, ուր լաց չկայ, ո՛չ թշնամութիւն, ո՛չ ցաւ, ո՛չ ալ տառապանք կամ տրտմութիւն:

Աշխարհը լեցուն է բազմապիսի դէպքերով եւ դէմքերով, որոնց արժեւորումը ընելու համար պէտք ունինք «կարեւորութեան» չափանիշը հաշուի առնելու: 

Այս հաշուարկով պատմութեան եւ մեր օրերու մեծագոյն առանցքն է մահուան իրականութիւնը, որուն շուրջ կը դառնայ մեր բոլորին անհատական կեանքը եւ պատմութեան անողորմ անիւը, որ ոտնակոխ կ’ընէ ամէն անձ եւ ընկերութիւն: 

Սերունդներ կը ծնին ու կը հոսին դէպի մահուան անդունդը: Չկայ մահուընէ աւելի մեծ դէպք կամ եղելութիւն, որուն հետեւանքները առանց աչքի առնելու չկայ նաեւ իմաստուն եւ իմաստալից կեանք մը վարելու հնարաւորութիւնը:

Մենք միշտ մեր կատարած գործերուն վերջաւորութիւնը մտածելով կը սկսինք ամէն ինչին: Ե՛ւ ահա, մէկ օր մեռնելու համար ամբողջ կեանք մը կ’ապրինք: Այս ի՛նչ հսկայ հակասութիւն: Մեր բազմազբաղ վազվզուկին մէջ մեր մտերիմներուն պատահած մահուան դաժան երեսով դէմ յանդիման կու գանք ակամայ: Մեզի համար անյատակ անդունդ մըն է մահուան գաղափարը. հազիւ ակնարկ մը կը նետենք ու քանի մը խորհրդածութիւններ կը կատարենք՝ կը ձանձրանանք պատասխաններ չունենալու պատճառով: Մեր հարցումներուն պատասխաններ չունենալը սակայն իրականութիւնը չի փոխեր: Մահը ամէն ինչ զէրոյի վերածելու ոյժը ունի եւ փորձաքարն է մեր բոլոր արարքներուն:

Դարերու ընթացքին մարդիկ միշտ փափաքած են մահուան վրայ յաղթանակ տանիլ:

Սակայն մինչեւ Տէր Յիսուս Քրիստոս, այս բոլոր իղձերը եղեր են լոկ հնարուած հէքեաթներ, առասպելներ կամ հերոսապատումներ իբր զօրաւոր երեւակայութեան արդիւնք, զուտ բանաստեղծական կամ դիցաբանական յղացքներ:

Այնպէս ինչպէս մինչեւ Ամերիկացիք լուսին ոտք կոխեցին՝ մարդիկ երեւակայեցին լուսին ելլել, ինչպէս Քոլոմպոսէն առաջ Ատլանտեան Ովկիանոսին հորիզոնը դիտեցին բազմաթիւ մարդիկ եւ կտրելով այդ կապոյտ անդունդը գտնել փափաքեցան, թէ ինչեր կային միւս եզերքին, ինչպէս Վրայթ եղբայրներէն առաջ գրեթէ ամէն մարդ թռչուններու նման թռչիլ երեւակայեց. մնալով բոլորը զուտ երազներ, լոկ վարդագոյն երազանքներ: 

Նմանապէս միայն Տէր Յիսուսի մեռելներէն յարութիւնը ճշմարիտ եւ պատմական իրողութիւն մըն է, որ փաստուած է վստահելի վկայութիւններով ինչպէս արձանագրուած են Նոր Կտակարանի սրբազան գրութիւններուն մէջ: 

Այս աշխարհի մէջ միշտ պիտի գտնուին մարդիկ, որոնք, Յիսուսի ժամանակակից հրեաներուն պէս պիտի ուրանան Քրիստոսի Յարութիւնը: Բայց այդ հրաշալի դէպքին ապացոյցը պերճախօս եւ համոզիչ է միլիոնաւոր հաւատացեալներու համար: 

Քսան դար առաջ պատահած Յիսուսի մեռելներէն յարութիւն առնելը անուրանալի, անժխտելի ճշմարտութիւն մըն է, քրիստոնէական հաւատքի հիմնաքարերէն մէկը:

Զոհուած Փրկիչը յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ ի ձեռին ունի մահուան ու դժոխքի բանալիները եւ Ի՛նքն է կեանքը, ճանապարհն ու ճշմարտութիւնը: «Մահուամբ զմահ կոխեաց, եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց. Նմա փա՜ռք յաւիտեան»:

Յարուցեալ Քրիստոսը մեզի յոյս կը ներշնչէ մեր ապագային նկատմամբ: Ան կու գայ ամրապնդելու մեր հաւատքը՝ թէ գերեզմանէն անդին ալ կեանք կայ: Զատիկը գերեզմանէն անգամ աւետիս կը բերէ յուսահատ մարդկութեան:

Որքա՜ն շատ են այսօր մեր հաւատքի թշնամիները: Որքա՜ն բազմաթիւ են մեր աւիշը ցամքեցնելու ծառայող ազդակները: Կը վխտան անոնք ամենուրէք, մեր ներսը եւ մեզմէ դուրս: Անոնք որ բախտաւոր եղած են պահելու իրենց հաւատքը Յարուցեալ Փրկչի վրայ, պիտի ծաղկին հոգեկան զուարթութեամբ ու պիտի կրնան մասնակցիլ ներքին եռանդով օրուան երգին եւ աւետիսին.

«Այսօր յարեաւ ի մեռելոց Փեսայն անմահ եւ երկնաւոր

Քեզ աւետիս խնդութեան, հարսն ի յերկրէ՝ Եկեղեցի

Օրհնեա՜ ի ձայն ցնծութեան զԱստուած քո Սիոն»:

Մեր մաղթանքն ու աղօթքը այն է, որ ամենքս ալ արժանանանք հաւատքը պահպանած ըլլալու այս անփոխարինելի բախտին: Որովհետեւ անկէ կախեալ է մեր յաւիտենական կեանքը եւ ճակատագիրը:

Աղօթող ենք որ փրկարար այս աւետիսի շնորհները առատապէս բաշխուին մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն, որպէսզի անոնք կարող ու արժանի դառնան «որդիք լուսոյ» կոչուելու, միշտ աներեր մեր նախնեաց հաւատքի վէմին վրայ, միշտ հաւատարիմ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ, միշտ պատրաստ՝ բարին գործելու իրենց ճանապարհին:

Մեր մշտանորոգ մաղթանքն է նախ, որ յարուցեալ Փրկչին աշխարհ թողած խաղաղութեան հոգին, աւելի ու աւելի ճառագայթէ մարդոց եւ ազգերու հոգիներէն ներս, առաջնորդելու համար զանոնք դէպի նաւահանգիստը արդար եւ համերաշխ գոյացութիւն ու երջանկութիւն անխտիր:

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

Օրհնե՜ալ է Յարութիւնն Քրիստոսի, ե՛ւ օրհնե՜ալ է լոյսը թափուր գերեզմանի, այժմ եւ յաւիտեան:

Սուրբ Զատկի կենսանորոգ տօնին առիթով կ’ողջունենք Առաքելական Մայր Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներն անխտիր։Քրիստոսաւանդ ջերմագին սիրով կ’ողջունենք նաեւ մեր Հոգեւորական Դասու անդամները, Սրբազան Եպիսկոպոսներն ուՄիաբան Հայրերը, Քահանայից, Սարկաւագաց եւ Դպրաց Դասերը, Գալֆայեան Ուխտի Քոյրը, Պատրիարքական ԱթոռիՏնտեսական Խորհուրդի, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ իրեն ենթայանձնախումբերու, Տիկնանց եւ ՀայՄենթի-Մենթոր Յանձնախումբերու անդամները, Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի Հոգաբարձութիւնը, Բժշկապետութիւնը, Բժշկաց Դասն ու Բոյժ քոյրերը, Համայնքային Հաստատութեանց Խնամակալութիւնները, ԹաղայինԽորհուրդները, Տիկնանց Յանձնախումբերը, մեր համայնքային վարժարաններու Հիմնադրի ներկայացուցիչներն ուՏնօրէնները, Հոգաբարձութիւնները, Ուսուցչաց Դասը, Աղքատախնամ Մարմինները, Սանուց Միութիւնները եւ բոլորմարդասիրական ու մշակութային մարմինները, Հայ Մամլոյ Խմբագիրները եւ ողջ Անձնակազմը, բարեսիրական եւկրթական հաստատութեանց սատարող ազնիւ բարերարները, համայն հաւատացեալ եւ սիրեցեալ մեր ժողովուրդը՝մաղթելով բոլորին երջանիկ Զատկական տօնակատարութիւն, ինչպէս նաեւ եկեղեցաշէն, կրթանուէր եւ բարեսէրգործունէութեանց լիակատար յաջողութիւն։

Յատուկ օրհնութեամբ կ’ողջունենք եւ կը շնորհաւորենք Կրետէի Հայ համայնքի անդամները։

Ս. Զատկի տօնին առիթով կը շարունակենք աղօթել վասն բարօրութեան եւ անսասանութեան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի։Մեր որդիական ակնածանքը կը յղենք Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Կը հայցենք ՆորինՍրբութեան եւ Մայր Աթոռի ողջ միաբանութեան աղօթքները վասն պայծառութեան Աթոռոյս։

Ի Քրիստոս սիրով կը շնորհաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Նորին Սրբութիւն Տ. Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ Երուսաղէմի ՆորինԱմենապատուութիւն Տ. Նուրհան Պատրիարքը, հանդերձ իրենց միաբանակից վանական հայրերով, նաեւ ՀայԱռաքելական Եկեղեցւոյ բոլոր առաքելագործ վիճակաւորները, հանդերձ իրենց հոգեւորական դասերով վստահ ըլլալով, թէբոլորը աղօթակից են մեզի։

Մեր հայրական սրտագին սէրն ու ողջոյնները կ՚առաքենք սփիւռքի մէջ գործող Ս. Խաչ Դպրեվանք, Կեդրոնական, Էսաեանու Մխիթարեան Վարժարաններու Սանուց Միութեանց Վարչութիւններուն ու մերազն ժողովուրդի զաւակներուն, որոնք նեղպայմաններու մէջ կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրենց աւանդութիւններուն։

Այս առթիւ ի Քրիստոս սիրով ողջունելով, Ս. Զատկի Տաղաւարի մեր շնորհաւորութիւնները կը յղենք նաեւ բոլոր քոյրՔրիստոնեայ եկեղեցիներու առաջնորդներուն, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն, գլխաւորաբար Հայ Կաթողիկէ եւ ՀայԱւետարանական համայնքներուն։

Շնորհք, սէր եւ աստուածային սրբարար զօրութիւնն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ եղիցի ընդ մեզ. Ամէն։

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ

ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ։

ՍԱՀԱԿ Բ

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Ս. Զատիկ, 2022

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın