İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Աւագ հինգշաբթին, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական արարողակարգին մէջ ամենէն խորհրդաւորն է եւ ժողովուրդին կողմէ ամենասիրելին։ Այս օրուան աւարտին կատարուած է Վերջին Ընթրիքը, Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին հաստատումը եւ Վերջին Կտակը։ Օրացոյցին մէջ նշուած է որպէս «ՅԻՇԱՏԱԿ ԸՆԹՐԵԱՑ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ»։

Աւագ հինգշաբթին ստեղծագործութեան հինգերորդ օրը կը խորհրդանշէ եւ պատկերն է հինգերորդ ժամանակաշրջանին, երբ հրեաները զատկական գառնուկը կերան, ամպին ու ծովուն մէջ մկրտուեցան, անապատին մէջ երկինքէն իջած մանանան կերան եւ ժայռէն բխած ջուրէն խմեցին։

Աւագ հինգշաբթի օրը կրնանք երեք գլխաւոր հանգրուաններու բաժնել.

ա) Առաւօտեան ժամերգութիւն, ապա կարգ Ապաշխարողաց ու Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

բ) Երեկոյեան՝ Կարգ Ոտնլուայի։

գ) Գիշերը՝ Հսկում։ Ժողովրդական բացատրութեամբ՝ Խաւարում, Խաւարման գիշեր կամ Լացի գիշեր։

Կարգ Ապաշխարողաց։ Առաւօտեան ժամերգութենէն անմիջապէս ետք կը կատարուի այս կարգը, որուն ընթացքին արձակում կը տրուի պահեցողներուն, եւ անոնք որոնք պահք պահած են քառասնօրեայ շրջանին, անպայմանօրէն պէտք է մասնակցին Կարգ Ապաշխարողացին։

Ոտնլուան, խորհրդանիշն է մեր Տիրոջ բացարձակ ու գերագոյն խոնարհութեան, երբ Վերջին Ընթրիքի ընթացքին ղենջակը առնելով խոնարհեցաւ եւ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց ու թելադրեց անոնց, որ իրենք ալ նոյնը ընեն իրարու, այսինքն՝ խոնարհաբար ծառայեն եւ օգնեն իրարու։ Ոտնլուայի արարողութեան աւարտին հաւատացեալներուն օրհնուած իւղ (կարագ) կը բաժնուի, որ խորհրդանիշն է պոռնիկ կնոջ Քրիստոսի ոտքերուն թափած անուշահոտ իւղին (Յհ 12.3), եւ մեր Տիրոջ խօսքի կատարումին, թէ՝ «լա՛ւ գիտցէք, թէ աշխարհի վրայ ո՛ւր որ ալ Աւետարանը քարոզուի, մարդիկ իր ըրածին մասին պիտի խօսին եւ յիշեն զինք» (Մտ 26.13)։ Հաւատացեալները այդ օրհնուած իւղը կը գործածեն կա՛մ հիւանդութիւններու պարագային եւ կամ ալ տան իւղին հետ կը խառնեն։

Ոտնլուայի կարգը մինչեւ 11-րդ դար մեր ծիսակարգին մէջ չէ եղած։ 11-րդ դարուն, Գրիգոր Բ. Վկայասէր Կաթողիկոսը (1066-1105) Ոտնլուայի կարգը թարգմանած է հայերէնի եւ անցուցած՝ Հայ Եկեղեցւոյ ծիսակարգին մէջ։ Յետագային, աւելի հարստացած է զուտ հայկական շարականներով եւ աղօթքներով, որոնցմէ են «Սիրտ իմ սասանի» շարականը եւ Յովհաննէս Պլուզ Վարդապետին «Սիրոյ մասին ճառը»։

Գիշերային Հսկումը (Խաւարման գիշեր), Աւագ ուրբաթ օրուան խորհուրդին մաս կը կազմէ։ Արարողութեան ընթացքին Ս. Խորանին վրայ 12 մոմեր կը դրուին, իսկ մէջտեղը մէկ հատ մեծ մոմ։ Իւրաքանչիւր Աւետարանական ընթերցումէ ետք, ամէն մէկ կողմէ մէկական մոմ կը մարուի։ Վերջաւորութեան կը մնայ միայն մէջտեղի մոմը, որ կը խորհրդանշէ զՔրիստոս, իսկ միւս 12 մոմերը՝ աշակերտները, որոնք լքելով իրենց Վարդապետը մինակ թողուցին։ Աւետարանական ընթերցումներն ու երգուած շարականները կը նկարագրեն մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ձերբակալութիւնը, չարչարանքները, խաչելութիւնն ու մահը։ Խաւարում կոչումը ստացած է հաւանաբար, որովհետեւ Յիսուսի խաչելութեան ընթացքին խաւարում տեղի ունեցաւ։

Ստեփանոս Քհնյ. Մանդինեանց կը գրէ. «Անցեալին ոտքերու լուացումը ընդհանուրին մօտ սովորութիւն էր եւ ծառաներուն համար պարտաւորութիւն, իսկ եթէ տանտէրը կատարէր այդ լուացումը, այդպիսով ցոյց կու տար իր վսեմ խոնարհութիւնը եւ անձնազոհ պատրաստակամութիւնը ծառայելու ամէնուն, նոյնիսկ ամենածանր պարագաներուն։ Ուրիշներուն ոտքերը լուացողը, կարծես թէ անոնց կ՚ըսէ. ոչ մէկ ծառայութիւն ծանր եւ ստորնացուցիչ կը նկատեմ ինծի համար, երբ այդ ձեր օգուտին համար է, ես պատրաստ եմ ամէն տեսակ աշխատանք կատարել ձեզի համար, մինչեւ իսկ պատրաստ եմ զոհուիլ ձեզի համար։ Ահաւասիկ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեր Փրկիչին ոտնլուան եւ ի՛նչ մտածումներ կ՚արթնցնէ մեր մտքերուն մէջ, զոր եպիսկոպոսը կը կատարէ Եկեղեցիէն ներս Քրիստոսի կատարած արարքին ի յիշատակ։ Ոտնլուային մէջ կը կայանայ քրիստոնէական ճշմարիտ սէրն ու խոնարհութիւնը, թէ բոլորն ալ իբրեւ մարդիկ հաւասար են, թէեւ եպիսկոպոսները ըստ աստիճանի աւելի բարձր են։ Եթէ ներկայիս ուրիշներուն ոտքերը լուալու սովորութիւնն ու ստիպողութիւնը չկայ, սակայն անոր փոխարէն ուրիշներուն վէրքերը լուալու պարտքը կա՛յ, ծառայել անոնց կարիքներուն, օգնել հիւանդութեան ընթացքին, եւ այլն»։

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

http://jamanak.com/content/եկեղեցական/14-04-2022-աւագ-հինգշաբթի

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın