Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 13 Ապրիլ 2021, Աւագ Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի անձնակազմը։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ հակառակ դեռ չսպառած թագաժահրիհամավարակին եւ զանազան բացասական պայմաններու, Աւագ Շաբթուան այս օրերուն եւ Ս. Զատկի սեմին առիթը կը ներկայանայ Պատրիարքարանի անձնակազմին հետ մէկտեղուելու։Հակառակ այլեւայլ խոչնդոտներու, անձնակազմը կը շարունակէ իր պաշտօնը՝ ծառայելով աւելիքան 560-ամեայ սրբազան այս հաստատութեան երդիքին տակ։ Կու գան բացասական դէպքեր եւօրեր, սակայն Աստուծոյ կամքով եւ օրհնութեամբ հոգեւոր այս կեդրոնը կը շարունակէ եւ պիտիշարունակէ իր առաքելութիւնը։ Մեր Հոգեւոր Պետը յոյս յայտնեց ու մաղթեց, որ յառաջիկայ օրերըամէն ինչով ըլլան երջանկաբեր թէ իւրաքանչիւրին համար եւ թէ համայնքիս համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun