İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԻՐԱՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՄԱՐՄԻՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Երէկ՝ Երեքշաբթի, 12 Ապրիլ 2022-ին, Իրաքի հայ դատի մարմինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանիհայ դատի մարմինին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին: 

Իրաքի հայ դատի մարմինը ամփոփ գիծերով Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իրաշխատանքները։ Ապա, Նորին Ս. Օծութիւնը իր մտածումները պարզեց եւ թելադրութիւններըկատարեց իսլամական աշխարհին մէջ հայ դատի աշխատանքները աւելի ազդու կերպովկազմակերպելու գծով, յատկապէս նկատի ունենալով միջավայրին առնչուած քաղաքական ուկրօնական մօտեցումներն ու զգայնութիւնները:

Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց թէ՛ իսլամական աշխարհին մէջ եւ թէ՛ընդհանրապէս հայ դատի մարմիններուն կատարած աշխատանքը մեր ժողովուրդի բռնաբարուածիրաւունքներուն հետապնդման ուղղութեամբ:

http://Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın