İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՏԱՍԸ ԿՈՅՍԵՐՈՒ ԱՌԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ

Աւագ Երեքշաբթին ծանօթ է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին օրուան սուրբգրական հատուածով, ուրկը պատմուի տասը կոյսերու առակը։

Նոյն առթիւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 12 Ապրիլ 2022, երեկոյեան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց ժամերգութեան։

Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան, Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Ժամերգութեան աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատուութիւնը եւ ըսաւ, որ Եկեղեցւոյաւանդութիւնն է բեմադրութեամբ մեր ժողովուրդին աւելի հասկնալի դարձնել տասը կոյսերուառակը։ Բացատրեց այդ առակը եւ ըսաւ թէ այդ շրջանի աւանդութեամբ փեսան կու գայ հարսինտունը, կ’առնէ հարսն ու անոր ընկերակիցները եւ կ’առաջնորդէ իր տունը։ Երբ գիշեր է, անհրաժեշտ է լուսաւորութիւնը, որու համար աղջիկներ ի ձեռին կ’ունենան լապտերներ։Իմաստունները իրենց հետ իւղ կ’առնեն, իսկ ոմանք առանց պահեստի իւղ ունենալու կը սպասենփեսան։ Եւ երբ ան կ’ուշանայ, իւղ չունեցողներու լապտերները կը մարին եւ իւղ առնելու երթալուպարագային կու գայ փեսան. իրենք անոր տունէն դուրս կը մնան։

Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ թէ իւրաքանչիւր անհատի կեանքի մէջ կարեւոր դէպքեր կան, սակայնամենակարեւորը ամբողջ կեանքը փոխող դէպքն է, որ մահն է։ Մահը մարմինն ու հոգին իրարմէպիտի անջատէ։ Հաւատացեալը այն անձն է, որ հոգւով կը պատրաստուի Տիրոջ ներկայութեանելլելու, Անոր Արքայութեան մտնելու։

Հաւատքը լոկ մշակոյթի, աւանդութեան, այլ խօսքով աշխարհի համար պէտք չէ ըլլայ, այլյաւիտենական կեանքի ու Աստուծոյ Արքայութեան համար։ Տէր Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ, որ այսհաւատքը չի բաւեր մեր մահէն ետք Տէրը դիմաւորելու։ Բոլոր հաւատացեալները պիտի քնանան, սակայն իմաստուններն են, որ ձէթ պահած պիտի ըլլան, հաւատք պիտի ունենան՝ Փեսանդիմաւորելու համար։ Մենք ալ ոչ միայն այս աշխարհի համար, այլ յաւիտենական կեանքի համարպահեստի իւղ՝ հաւատք պիտի ամբարենք։

Նորին Ամենապատուութիւնը օրհնեց դասին մէջ կանգնած սպիտակազգեստ եւ լապտերներովաղջնակներն ու ամբողջ ժողովուրդը եւ բարի Աւագ Շաբաթ մաղթեց։

Յաւարտ արարողութեան, Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը պահքի թէյասեղանով հիւրասիրեց ՆորինԱմենապատուութիւնն ու հոգեւոր հայրերը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın