Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին 2022 թուականը «Սփիւռքի Տարի» հռչակելունառիթով, Ուրբաթ, 8 Ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ երկրորդ առցանցխորհրդակցութիւն-քննարկումը: Նիստին նախագահեց Վեհափառ Հայրապետը: ՄասնակցեցանՄիացեալ Նահանգներէն` Խաչիկ Թէօլէլեան, Երուանդ Զօրեան, Հայկ Օշական, Գանատայէն՝ ԼորիՊէրպէրեան, Հայաստանէն՝ Ռուբէն Ճանպազեան, Ֆրանսայէն` Յովէլ Շնորհօքեան, Զուիցերիայէն՝փրոֆ. Թենի Փիրրի-Սիմոնեան, Արժանթինէն՝ Խաչիկ Տէր-Ղուկասեան, Լիբանանէն` ՍեդաԽտըշեան, Շահան Գանտահարեան եւ Խաչիկ Տէտէեան:
Տրուած ըլլալով, որ առաջին նիստը յատկացուած էր ընդհանուր մտածումներու տեսութիւններուներկայացման, որոշուած էր որ երկրորդ հանդիպումը իբրեւ օրակարգ ունենայ քայլ մը դէպիգործնականացում նիւթը, հեռանկար ունենալով «Սփիւռքի Տարի»ն տարբեր ձեւերով յատկանշելուառաջադրանքը։
Վեհափառ Հայրապետը բացման իր խօսքին մէջ ընդգծեց.-
ա) Սփիւռքը կարիքը ունի վերակազմակերպումի․ այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւհարցադրումը՝ արդեօ՞ք Սփիւռքը պատրաստ է վերակազմակերպուելու։
բ) Իրապաշտ արժեւորումի անհրաժեշտութիւնը, իբրեւ մեկնակէտ՝ հարցերու դիմագրաւման եւլուծման եղանակներու ճշդումին։
գ) Սփիւռքի վերակազմակերպման աշխատանքներու ծրագրաւորումի գործընթացի մշակումը․ եւայստեղ իբրեւ ենթաբաժին՝ եկեղեցին, եկեղեցւոյ շուրջ գործող մարմիներն ու միութիւնները եւ մերաւանդական կառոյցները։
Նորին Ս. Օծութիւնը ընդգծեց, որ նոր օրակարգերու ճշդումի հրատապութիւնը, ի պահանջեալհարկին, կառոյց, համակարգ, մեթոտաբանութիւն եւ կանոնագրութիւններ արմատապէսբարեփոխելու սկզբունքը։
Այնուհետեւ ծաւալեցաւ մասնագիտական մակարադակի քննարկում։ Ժողովականներըկեդրոնացան Սփիւռքի այսօրուան քարտէսին, տարբեր բնութագիրներուն, կորիզ-շերտերյարաբերակցութեան եւ աշխատանքի թիրախաւորման, ընդհանուր նուազագոյն համաձայնականփաստաթուղթի մը մէջ ամփոփելու համասփիւռքեան առաջադրանքներուն, արհեստագիտութեան, արհեստավարժութեան, թուային-ելեկտրոնային ծրագիրներու լիարժէք օգտագործման՝ ցանցայինհամակարգեր ստեղծելու հնարաւորութիւններուն եւ յատկապէս մասնագիտականբնագաւառներով նոր աշխատակարգեր որդեգրելու հրամայականին։
Նախորդ նիստին առանցքային կարեւորութեամբ նշուեցաւ երիտասարդութեան եւ կանանցներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։ Այս երկրորդ նիստին օգտաշատ մասնակցութիւն ունեցաներիտասարդ խաւի ներկայացուցիչներ, որոնք աշխոյժ ներկայութիւն են սփիւռքահայ կազմակերպկեանքին մէջ։
Նիստի եզրափակիչ խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը քննարկումի ընթացքին հնչածտեսակէտները ամփոփ կէտերու մէջ բանաձեւեց եւ ընդգծեց երեք ուղենիշ յետագայաշխատանքներուն համար.-
ա.- Հաւաքական արժէքներ
բ.- Ինքնութիւն
գ.- Մասնակցութիւն
Բացատրելէ ետք կէտերու առաջնահերթութիւնը, թէ հաւաքական արժէքներ դաւանելով է, որինքնութեան հարցը կը սկսի բիւրեղանալ եւ մասնակցութիւնը կ՚ապահովուի, ՎեհափառՀայրապետը իր գոհունակութիւնը յատյնեց խորքային քննարկումի մասնագիտական մակարդակինեւ հաստատեց, որ ինչպէս առաջադրուած էր այս նիստը արձանագրեց քայլ մը դէպիաշխատանքային ուղղութիւններ, դէպի գործնական դաշտ։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun