Այս առաւօտ՝ Երկուշաբթի, 11 Ապրիլ 2022-ին, նախկին հալէպահայ ազգայիններէն տէր եւ տիկինԱւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին։Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան։
Աւետիս եւ Ռիթա Գարակիւլեան Վեհափառ Հայրապետին յայտնեցին, որ 100,000 ամերիկեանտոլարի գումարով կը փափաքին Դպրեվանքի հիմնադրամ մը հաստատել եւ յանձնառու եղանյառաջիկային աճեցնել հիմնադրամը։
Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Գարակիւլեան ընտանիքին յանձնառութիւնը եւ իրՀայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց անոր՝ Դպրեվանքի առաքելութեան առաւել ծաղկմանիր շօշափելի մասնակցութեան համար։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun