Տէր Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի՝ ժողովրդական անունով Ծաղկազարդի առթիւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ 10 Ապրիլ 2022, Կիրակի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Խաչիկ Սրկ. Սարըլը, Բրշ. Գէորգ Սրկ. Ներկիզեան, Բրշ. Ալէն Տիրան Սրկ. Ներկիզեան, կիսասարկաւագներ եւ ուրարակիներ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Սահակեան Դաս Դաս Երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ Սեւան Ակօշեանի։ Ներկայ էր նաեւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց «Ովսաննա, օրհնեալ եկեալ անուամբ Տեառն» բնաբանով եւ անդրադարձաւ Ծաղկազարդի ու Աւագ Շաբաթի իմաստներուն։ Շեշտեց Աւագ Շաբթուան կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ Աւագ Շաբաթի դէպքերը կը գրաւեն Աւետարանի մէկ երրորդը։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատմեց Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը եւ ունկնդիրներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց այն պարագային վրայ, որ Տէր Յիսուս միշտ խոնարհ ու համեստօրէն գործած է, իսկ այսօրուան դէպքի փառաւոր երեւոյթը բոլորին դաս տալու համար է։ Մարդ սիրած բանն է, որ կը գնահատէ, կը ծափահարէ, ծաղիկներով կը զարդարէ։ «Մենք մեր արժէքները մեծարել սորվինք, գնահատել սորվինք եւ սորվեցնենք» ըսաւ մեր Հոգեւոր Պետը։
Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ նաեւ, որ այս տօնը մանուկներու տօնն է։ Երիտասարդներն ու մանուկներն էին, որ մեծապէս կը գովերգէին Տէր Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքը։ «Մենք փոքր տարիքէն պէտք է սորվինք գնահատելը»։
«Տէր Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ. պիտի մեծարես քու արժէքներդ։ Ամենակարեւորը՝ պիտի մեծարես քու Տէր Աստուածդ» ըսաւ Պատրիարք Հայրը եւ անգամ մը եւս յիշեցուց մենք մեր կեանքին ընթացքին արժէքներ ունինք եւ Տէր Յիսուս Քրիստոս այս մեծ արժէքներէն մէկն է։ Այս մեծ արժէքները պէտք է փառաւորուին ու մեծարուին։ Մենք ալ պիտի մեծարենք Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ մեծարուելու արժանի է, քանի Ան իր արիւնով գնեց մեր փրկութիւնը եւ մեզ ազատ արձակեց մեղքի կապանքներէն։
Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն թաղի հաւատացեալներու հանգուցեալ պարագաներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, խորհրդարանին մէջ սեղմ շրջանակի մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun