Ըստ տարիներու աւանդութեան, Պատրիարքական Աթոռոյս գահակալը Ծաղկազարդի Ս. Պատարագէն ետք, կը նախագահէ նաեւ բացօդեայ դռնբացէքին։ Նմանապէս, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 10 Ապրիլ 2022, Կիրակի, ժամը 15.00-ին առաջնորդուեցաւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Եկեղեցւոյ պարտէզը, ուր պիտի կատարուէր հանդիսաւոր անդաստան եւ դռնբացէք։ Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս վեղարաւոր միաբան հայրերը եւ քահանայ հայրեր։
Նախ կատարուեցաւ անդաստանի արարողութիւնը, որու ընթացքին Սուրբ Գրային ընթերցումներէ եւ շարականներու երգեցողութիւններէ յետոյ, օրհնուեցան աշխարհի չորս ծագերը։
Ապա թափօրը առաջնորդուեցաւ Եկեղեցւոյ մայր մուտքը, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը «Բաց մեզ Տէր»ի երգակցութեամբ դակեց դուռը եւ ներքուստ եւ արտաքուստ երկխօսութեամբ հայցուեցաւ Աստուծոյ ողորմութիւնն ու Իր ողորմութեան դուռը բանալը։
Բացուեցաւ մայր դուռը եւ շարականներով մեր Հոգեւոր Պետն ու հոգեւորականները առաջնորդուեցան ձիթենիի ճիւղերով զարդարուած բեմ։
Եկեղեցի յաճախած մանուկներ շապիկ հագուած բեմ բարձրացան, ուր Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր պատգամը։ Պատմեց կատարուած արարողութեան իմաստը, թէ ինչպէս օր մը պիտի կանգնինք Աստուծոյ առաջ եւ պիտի խնդրենք, որ մեզ եւս ընդունի իր արքայութեան։ Արքայութիւն մտնելու պայմաններն են նախ պատկանիլ Քրիստոսի, եկեղեցւոյ, եկեղեցւոյ միջոցաւ պէտք է ստանալ Աստուծոյ օրհնութիւնը, ապա մաքրուիլ Քրիստոսի արեամբ։ Այսպէսով է որ իրաւունք կը շահինք ընդունուելու Աստուծոյ արքայութիւնը։ Աստուած մեր առջեւ կը բանայ Արքայութեան դռները։ Երանի անոր, որ այս դռներէն մտնելով, մուտք կը գործէ Արքայութիւն։
Նորին Ամենապատուութիւնը ապա զրոյց ունեցաւ ներկայ մանուկներուն հետ եւ իրենց խրատեց ըլլալ այն մանուկներուն նման, որոնք շուրջ երկու հազար տարիներ առաջ Տէր Յիսուսը դիմաւորեցին Երուսաղէմի մուտքին սաղմոսներով եւ «Ովսաննա»ներով։
Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը Խորհրդարանին մէջ սիրոյ սեղանով հիւրասիրեց Նորին Ամենապատուութիւնն ու հոգեւոր հայրերը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun