Աւագ երկուշաբթին մասնաւոր անուանում չունի, Աւագ չորեքշաբթի օրուան նման։ Օրուան ընթերցումներն ու շարականները նկատի առնելով՝ կը հասկնանք, թէ Աւագ երկուշաբթի օրը «ստեղծագործութեան», «մարդ արարածի արարչութեան», «Զեբեդէոսի որդիներուն Յիսուսի ըրած խնդրանքին՝ արքայութեան մէջ Անոր աջ ու ձախ կողմերը նստելու», «թզենիի չորացումին եւ տաճարը մաքրագործելուն» յիշատակումի օրն է։
Աւագ երկուշաբթին ստեղծագործութեան երկրորդ օրը կը խորհրդանշէ, եւ պատկերն է երկրորդ ժամանակաշրջանին՝ երբ ամբողջ տիեզերքը ապականեցաւ, միայն Ենովքը հաւատարիմ մնաց Աստուծոյ եւ երկինք փոխադրուեցաւ։
Զաքարիա Ձագեցի Կաթողիկոս կը գրէ. «Դարձեալ ժողովուրդին կ՚ըսէր, որպէսզի զգուշանան փարիսեցիներու կեղծաւորութենէն եւ անոնց կեղծաւորութիւնը կը յայտնէր ու նախատելով կը յանդիմանէր զանոնք եւ կը կշտամբէր անոնց պարծենկոտ եւ անձնահաճոյ խորամանկութիւնը, եւ վարդապետելով կ՚ուսուցանէր ժողովուրդին տաճարին մէջ։ Բոլորն ալ Անկէ կախուած էին՝ Անոր վարդապետութեան շնորհալի խօսքերը լսելու։ Որոնց հետ մեզ եւս արժանի նկատէ Սուրբ Հոգին՝ Մխիթարիչը ղրկելու մեզի, մեր անձերուն մէջ տաճարագործելու եւ բնակութիւն [հաստատելու], որպէսզի գալիք բարիքներուն արժանացնէ մեզ՝ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսով. որուն վայել է փառք, իշխանութիւն եւ պատիւ, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն» (հատուած Աւագ երկուշաբթուան ճառէն)։
Իսկ Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, այսպէս կը գրէ. «…Այս օրուան [Աւագ երկուշաբթի] մէջ յստակ կը մատնանշուի, թէ ի՛նչ են այն հետեւանքները, որ մարդ իր մեղքին ու անհնազանդութեան պատճառով կը կրէ.
Մեղքը եւ անհնազանդութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդը կորսնցնէ իր աստուածատուր պատիւը:
Մեղքն ու անհնազանդութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդը մերկանայ աստուածապարգեւ շնորհքներէն:
Մեղքը եւ անհնազանդութիւնը պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդը աղքատանայ աստուածաշնորհ երկնային ու հոգեւոր հարստութենէն ու գանձէն:
Մեղքն ու անհնազանդութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդը կորսնցնէ անմահութիւնը եւ դատապարտուի մահուան ու դառնայ մահկանացու:
Մեղքը եւ անհնազանդութիւնը պատճառ կ՚ըլլան, որ մարդը զրկուի աստուածատեսութենէն եւ անոր ամէնօրեայ կենդանի ընկերակիցի վայելքէն:
Մեղքն ու անհնազանդութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդը կորսնցնելով իր որդիութեան պատիւը՝ թշնամանայ երկնաւոր Հօր հետ:
Մեղքը եւ անհնազանդութիւնը պատճառ կը դառնան, որ մարդը հեռանալով Լոյսէն՝ խաւարի մէջ խարխափէ ու մոլորութեան գիրկը իյնալով՝ ընէ այն, ինչ որ պէտք չէ ընէ: Այսինքն՝ փոխանակ Արարիչը պաշտելու, պաշտէ արարածն ու ձեռակերտ կուռքերը եւ իյնայ ամէն տեսակ խայտառակութեան եւ անիրաւութեան գիրկը:
Եւ երկրորդ, ցոյց կը տրուի, թէ այդ անկեալ վիճակէն վերստին նախկին վիճակին բարձրանալու, վերահաստատուելու, ինչպէս նաեւ փրկութիւնը ձեռք բերելու համար, մարդ անհրաժեշտօրէն պէտք է հաւատայ Քրիստոսին, ընդունի խաչին վրայ Անոր կատարած քաւչարար զոհագործութիւնը եւ պատրաստ ըլլայ «ըմպելու այն բաժակէն», որ Քրիստոս պիտի խմէր Աւագ շաբթուան ընթացքին» (Մակար Եպիսկոպոս Աշգարեան, «Աւագ շաբաթ», Անթիլիաս 2019, էջ 18-19):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ
http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/11-04-2022-աւագ-երկուշաբթի
İlk yorum yapan siz olun