Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Ապրիլ 2022, Ուրբաթ, յետ միջօրէին, ընդունեց Գաւառի Եկեղեցեաց Տեսուչ եւ Հաթայի Եկեղեցեաց հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի առաջնորդութեամբ, Քըրըքխանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները։
Այցելուները յայտնեցին, որ առիթ համարելով իրենց այցելութիւնը Պոլիս, որպէս նորանշանակ Ծխական Խորհուրդի անդամներ փափաքած էին ներկայանալ Նորին Ամենապատուութեան։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին իրենց աշխատանքներուն մասին, քանի միջոցէ մը ի վեր զանազան պատճառներով անխնամ մնացած էր այժմ իրենց խնամքին յանձնուած եկեղեցին։
Ամեն. Սրբազան Պատրիարք Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ կ՚աշխատէին հայաթափուած ու հեռաւոր այս աղօթքի տունը վերստին Աստուծոյ փառքին ընծայելու ու կանթեղը վառ պահելու համար։ Օրհնեց զիրենք ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun