Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 5 Ապրիլ, Երեքշաբթի, ժամը 15.00-ին ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոսշ Զէքիեանի այցելութիւնը։ Գերապայծառ Տիրոջ կ՚ընկերանային Գեր. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան եւ Բրշ. Յակոբ Սրկ. Մինասեան։ Ընդունելութեան ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Գերապայծառ Տէրը վիրաբուժական գործողութենէն յետոյ ապաքինած էր եւ իրեն մաղթեց կատարեալ առողջութիւն։
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութեան ընթացքին երկու հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան օրուան ընկերային ու հոգեւոր հարցերու մասին եւ մաղթեցին որ սիրոյշ եղբայրութեան եւ իրերհասկացողութեան ոգին կատարեալ եւ մնայուն կերպով տիրապետէ աշխարհի վրայ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun