Պոլսահայ կրթական մշակ Ոսկի Տաղտէլէնի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 1 Ապրիլ 2022, Ուրբաթ, Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ։ Յուղարկաւորութեան առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ցաւակցական գրութիւն մը ուղարկեց ու ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի հարազատներուն, Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան Վարչութեան, ինչպէս նաեւ Էսաեանի եւ Կեդրոնականի մեծ ընտանիքներուն։
ԳԻՐ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ՏԻԿԻՆ ՈՍԿԻ ՏԱՂՏԷԼԷՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ
1 Ապրիլ 2022, Ուրբաթ
Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցի, Նիւ Եորք
Ցաւով տեղեկացանք Պոլսահայ կրթական մշակ Տիկին Ոսկի Տաղտէլէնի մահուան։
Իր կեանքը կը բուրէ համակ զոհողութեան վկայութիւն մը, թէ՛ընտանեկան յարկէն եւ թէ՛ Պոլսահայ ու սփիւռքահայ կրթական համակարգերէն ներս։ Մարզուանեան ընտանիքի զաւակ, իր կեանքը, սկիզբ առած է Սեբաստիոյ մէջ։ Կեանքի գիծը ընտանիքը առաջնորդած է Պոլիս, ուր ընտանիքէն փոխանցուած Սեբաստիոյ աւանդական հայեցի տոհմիկ շունչը, միախառնուելով Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններու ոգիին, իր անձին մէջ կազմաւորած է օրինակելի Հայ իգական սեռի տիպարը, ուր ցայտուն կերպով կը յայտնուին մեր ժողովուրդի նուիրականութեանց արժէքներու ներկայութիւնը։
Ըստ հանգուցեալի վկայութեան, Էսաեան Վարժարանի անմոռանալի տնօրէններէն Աւետիք Մեսրոպեան իր աշակերտներուն առաջին դասին ըսած էր. «Միշտ յառաջ, միշտ վեր, այս ըլլայ ուխտը ձեր»։ Երբ կը հետեւինք հանգուցեալ Տիկին Ոսկիի կենսագրականին կը նշմարուի, թէ այս խրատը կարգախօսի վերածուած էր իրեն համար։ Յառաջացաւ ուսման կեանքի մէջ, բարձրացաւ իր պաշտօնավարութեամբ, որպէս ուսուցիչ եւ որպէս դիւանի պատասխանատու Էսաեան Վարժարանի մէջ, այն կրթական յարկին՝ որ ոչ միայն իրեն այլ նաեւ բոլոր սաներուն համար «Իմաստութեան Տաճար»ն է։ Յետագային, իր կրթական մշակի կարողութիւնը կամեցաւ նաեւ ի սպաս դնել Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց Վարժարանին մէջ։ Իր ունեցած փորձառութիւնը զարգացնելու առաջադրութեամբ համեստօրէն հետեւեցաւ Առաջնորդարանի եւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած Սփիւռքահայ Ուսուցիչներու պատրաստութեան դասընթացքներուն։ Իր ամբարած գիտութիւնները ի սպաս դրած է, թէ՛ աշակերտներուն եւ թէ՛ ծնողներուն, այսինքն զարգացաւ ու զարգացուց։
Հանգուցեալը, իր ամուսնոյն Տքթ. Վահրիճ Տաղտէլէնի հետ 1979ին գաղթած էր Նիւ Եորք։ Աւելի քան քառասուն տարիներու հեռաւորութիւնը պատճառ մը չէ եղած, որ զինքը բարոյապէս կերտող Պոլիսն ու քաղաքի մեր հաստատութիւնները մոռնայ։ Ընդհակառակը իր յուշերը արձանացուցած է իր յօդուածներուն մէջ, որոնք ամփոփուելով լոյս տեսած են «Երազանքի Պահեր Կեանքի Տարիներէս» հատորով։ Տիկին Ոսկին յիրաւի արդարացուցած է Էսաեանցի եւ Կեդրոնականցի ըլլալու զոյգ հանգամանքները, յօդուածներէն ցոլացող Հայերէնի ընդմէջէն։ Իր պատմումները, հոգելոյս Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի բառերով «ցոլարան մը կը կազմեն պարզ ու մտերիմ անցքերու, որոնք իրենց խորքին մէջ ունին իմաստ, ուսուցողական ու հրահանգիչ ճանաչումներ»։
Թէ՛ յուշամատեաններու խմբագրութեամբ եւ թէ՛ միութենական կեանքէն ներս վարչական կարողութեամբ իր ծառայութիւնը բերած է համայնքային կեանքին։ Իր ստացած գնահատագրերը եւ մանաւանդ զինքը մօտէն ճանչնալու բարեբախտութիւնը ունեցող հոգեւորական եւ աշխարհական անձանց գնահատական արտայայտութիւնները կը ներկայանան որպէս խօսուն յուշարձան ի վկայութիւն աննկուն կամքով տարուած ինքնամատոյց ծառայութեան։
Այս առթիւ մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն՝ Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Ռիթա Քէսքինեանի, իրենց զաւակներուն՝ Շանթի եւ Դալարի, Նիւ Եորքի Էսաեան-Կեդրոնական Սանուց Միութեան Վարչութեան եւ անդամներուն, Էսաեանի եւ Կեդրոնականի մեծ ընտանիքներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած են հանգուցեալը վայելելով իր մտերմութիւնն ու բարեկամութիւնը եւ օգտուած՝ իր մտային պաշարէն։
Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ երկնային անթառամ պսակին արժանացնէ ու իր օրինակին հետեւող, նոյն ոգիով ծառայելու պատրաստ նոր Ոսկիներ հանէ մեր ժողովուրդին մէջէն, հարստացնելու համար մեր բարոյական գանձարանը։
Հայրական սիրոյ օրհնութեամբ եւ վշտակցութեամբ,
Աղօթարար՝
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
30 Մարտ 2022
13057
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun