İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 4 Ապրիլ 2022, Երկուշաբթի ժամը 16.00-ին ընդունեց Գումգաբու Դրսի Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեանի եւ Ատենապետ՝ Առուշ  Թաշի։

Հիւրերը տեղեկութիւններ տուին իրենց թաղին հետ առընչուած գործունէութեանց մասին եւ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաւիրեցին եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան, որ կը զուգադիպի Նոր Կիրակիին։ 

Մեր Հոգեւոր Պետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տրուած տեղեկութեանց համար եւ ընդառաջելով իրենց խնդրանքին խոստացաւ նախագահել Նոր Կիրակիի հանդիսութեանց։

Այցելուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան ցուցաբերած հայրական հոգածութեան համար։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın