Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց Տօնի նախօրեակին Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքէնտէրունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Նկատի ունենալով Քորոնա Համավարակը, այս տարի եւս Ստանպուլէ եւ արտասահմանէ բազմաթիւ ուխտաւորներ չկրցին մասնակցիլ սոյն ուխտագնացութեան։
Իսկ միւս կողմէ, Կեսարիոյ շրջակայքի, Իսքէնտէրունի եւ Վաքըֆգիւղի մերազն ժողովուրդը առանձին չձգելու նպատակաւ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ, պատուիրակութիւն մը ուղղուեցաւ գաւառ։ Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեանի գլխաւորութեամբ, Բրկ. Գրիգոր Կ.Սրկ. Կարապետեան եւ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպր. Պաղտասարեան, Ստապուլէն ճամբորդեցին դէպի գաւառ։ Պատուիրակութեան միացան նաեւ Գաւառի Հայոց Տեսուչ՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանն ու Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։
ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ԿԵՍԱՐԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑԻՆ
Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ տօնախմբութիւնը իրականացաւ, 25 Մարտ 2022, Ուրբաթ առաւօտ։ Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին՝ Բրկ. Գրիգոր Կ.Սրկ. Կարապետեան եւ Բրկ. Եուսուֆ Դպ. Թապաշեան։Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ առաջնորդութեամբ՝ Բրկ. Արթիւր Ուր. Դպր. Պաղտասարեանի։
Արարողութեան մասնակցելու համար Ստանպուլէն Կեսարիա փութացած էին Ատենապետ՝ Զատիկ Թօքէր եւ իր գլխաւորած Ս. Գրիգոր Լուսաւրիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էին նաեւ սակաւ թիւով հաւատացեալներ։
Նախ քան Տէրունական Աղօթքը պատարագիչ քահանայ հայրը քարոզեց եւ անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին մասին։ Իր խօսքերու սկիզբը փառք տուաւ աւանդական արարողութեան կատարումին համար եւ ապա՝ Կեսարիոյ Եկեղեցւոյ վարչութեան եւ սակաւաթիւ համայնքին Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր հայրական ողջոյնները փոխանցեց։ Բաց աստի, Զատիկ Թօքէրի գլխաւորած Ծխական Խորհուրդի անդամները մեծապէս գնահատեց եւ իրենց գործունէութեանց մէջ յաջողութիւն մաղթեց։
Աւետիս Քահանան, յաջորդիւ ծանրացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի առաքելութեան եւ այս առումով յայտնեց, թէ՝ Կեսարիոյ մէջ կատարուած արարողութիւնը, կրկին անգամ առիթ կը ստեղծէր, որպէսզի առաւել եւս խորութեամբ թափանցէին Հայոց Երկրորդ Լուսաւորչի քրիստոնէական գործունէութեան։ Մուտն ի վիրապի տօնը, Քրիստոնեաներուս կը յիշեցնէր Ս. Խաչի խորհուրդը, ըստ որում չարչարանքին եւ խաչելութեան կը յաջորդէ Յարութեան մեծ աւետիսը։ Այլապէս, Լուսաւորչի Խոր Վիրապ մուտքի յիշատակը բացած է այն ուղին, որմէ դուրս եկած լուսաւորիչը քրիստոնէական հաւատքով նոր եւ թարմ հաւատքով մկրտած է ողջ Հայ ժողովուրդը։ Այս առումով, թելադրեց, որ դժուարին ճանապարհներով մեզի հասած Քրիստոնէական հաւատքին հաւատարիմ մնանք եւ իր ուղիով ձեւաւորենք մեր առօրեան։ Տէր Հայրը մաղթեց, որ յաջորդ տարի առաւել եւս մեծ շուքով ու հաւատացեալներու եւս մասնակցութեամբ իրականանայ ուխտագնացութիւնը ի Կեսարիա։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, պաշտօն կատարուեցաւ Կեսարիոյ թեմի հանգուցեալ առաջնորդներուն, հոգեւոր հայրերուն եւ ժողովուրդին հոգիներուն խաղաղութեան համար։
Արարողութենէ յետոյ, եկեղեցւոյ վարչութեան անդամները յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Ամենապատուութեան, որուն տնօրինութեամբ եկեղեցւոյ մէջ Ս.Պատարագ կը մատուցուէր։ Այս առթիւ, ներկայ հոգեւոր հայերուն եւս շնորհակալութիւն յայտնեցին, ըսելով թէ՝ եկեղեցին շէնցած էր իրենց ներկայութեամբ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun