Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը 28 Մարտ 2022, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Զատիկ Թօքէրի եւ ԹԷԹ ԱԺԱՆՏԱ-յի վարիչ Նարօտ Թօքէրի քաղաքավարական այցելութիւնը։ Ընդունելութեան ընթացքին հիւրերը իրենց հաստատութեանց եւ տարուած աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։
Զատիկ Թօքէր, որ նոր վերադարձած էր Կեսարիայէն, իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Կեսարիոյ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նկատմամբ Պատրիարքական Աթոռի ցուցաբերած հետաքրքրութեան համար, մանաւանդ համավարակի այս շրջանին հակառակ անոր որ ուխտագնացներ չէին մասնակցած, Սուրբ Պատարագ մատուցուած էր եկեղեցւոյ մէջ։
Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun