Պատրիարքական Աթոռոյ Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի կազմութեան երկրորդ տարեդարձը 27 Մարտ 2022, Կիրակի, ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ նշուեցաւ երիտասարդ երախտաւորներու կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, ։
2020 թուականին, թագաժահրի համավարակի պատճառաւ կազմուած եւ մինչեւ այսօր համայնքիս կարօտեալ անդամներուն ծառայութեան համար կազմուած յանձնախումբի կամաւոր անդամներն ու իրենց ընտանեկան պարագաները երիտասարդ երախտաւորներու կողմէ կազմակերպուած երեկոյթի ընթացքին առիթն ունեցան ի մի հաւաքուելու եւ տարուած աշխատանքներու մասին կարծիքի փոխանակում ունենալու։
Տեսասփռուեցաւ յանձնախումբի երկամեայ աշխատանքի մասին պատրաստուած ժապաւէն մը եւ բացման խօսքեր արտասանեցին Քրիստին Տինչքայըքճը եւ Առէն Տատըրօղլու։ Համատեղ ելոյթի ընթացքին պարզեցին երախտաւոր երիտասարդներու տարած աշխատանքները,ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ տուին ապագայի ծրագիրներու մասին։ Բեմ բարձրացան Քրիս Արզուման, Մարկոս Էֆէ Քարահան եւ Մկրտիչ Տօնուքէօք, որոնք իրենց կարծիքներն ու առաջարկները յայտնելէ ետք, ներկաներուն բացատրեցին կամաւորական եւ աշխատանքային գործունէութեան մասին անհատական եւ խմբական փորձառութիւններէ օրինակներ ու իրենց հաղորդուած տեղեկութիւններ։
Ծրագրի մասին հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն եռալեզու կարճ ժապաւէնի ընկերային ցանցերու վրայ ցուցադրութենէ ետք, Յանձնախումբի ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ երիտասարդ կամաւորներու կողմէ կազմակերպուած երկրորդ տարւոյ միջոցառումին եւ երիտասարդներու մասնակցութեան համար իր ուրախութիւնը արտայայտեց։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբի բոլոր կամաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն որոնք ժամանակ տրամադրած եւ նուիրեալ աշխատանքով բերած էին իրենց բարոյական աջակցութիւնը։ Յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ ուղղութիւն կուտար իրենց, նաեւ բարերարներուն, իրենց բերած նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար։ Խաչիկ Ճանէլ, նշեց որ յանձնախումբը կը շարունակէր ծառայութիւն մատուցել տարբեր ոլորտներու վրայ՝ անընդհատ զարգանալով եւ դարձած էր աւելի մեծ ընտանիք մը: Նշեց նաեւ, որ կը շարունակեն աշխատիլ ընկերային օժանդակութեան առումով ապագայի մասին մշակել տարբեր ծրագիրներ՝ կարիքաւորներուն հասնելու առաջադրութեամբ:
Յայտագրի խօսնակներն էին Լիտիա Ալաչամ եւ Տայք Միսիսեան։
Երեկոյթը իր աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով։
Միջոցառումի ընթացքին մեր Հոգեւոր Պետը զրոյց ունեցաւ յանձնախումբի կամաւորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ, կարծիքներ փոխանակեց հիւրերու հետ՝ մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալով յանձնախումբի գործունէութեան մասին: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, բոլոր կամաւորներուն ու հաստատութիւններուն ընկերային հարցերու մէջ ցուցաբերած հետաքրքրութեան ու ջանքերուն համար, իր ուրախությունն արտայայտեց տարուած աշխատանքին համար եւ տուաւ իր օրհնութիւնները։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun