Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 26 Մարտ 2022, Շաբաթ երեկոյ, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ Նազար Շիրինօղլու սրահին մէջ նախագահեց Էսաեան Սանուց Միութեան 75ամեակին առթիւ կազմակերպուած երեկոյթին։
Հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ Էսաեան Վարժարանի «Ողջոյն տաճար իմաստութեան» քայլերգով, ապա Միութեան Վարչութեան ատենապետ Վարդուհի Մըսըրլեան ողջոյնի խօսքով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան գիրը կարդաց Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան։
Ապա Պատրիարքական Փոխանորդ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան բանախօսեց, նիւթ ունենալով քաղաքիս մէջ միութենական կեանքի զանազան շրջանները եւ ծանրացաւ Էսաեան Սանուց Միութեան հիմնադրութեան եւ առաքելութեան ու յատկապէս հրատարակչական գործունէութեան մասին։
Սէրճան Կազէրօղլու, Մելինա Սէճիքեան Գույումճուի դաշնակի ընկերակցութեամբ երգեց Շահլամեանի Լռեց-ը, Կոմիտաս Վրդ.ի Հոյ նազանը, Աւետիսեանի Ասում են-ը, Պապաճանեանի Սիրոյ երգը։
Մարիամ Տրամէրեան արտայայտուեցաւ Էսաեան Վարժարանի եւ Սանուց Միութեան հիմնադրութեան պարագաներուն մասին։
Բեմ հրաւիրուեցաւ Ովսաննա Մուրատեանը՝ Միութեան հիմնադրութեան կենդանի վկաներէն մէկը, որ յանպատրաստից ու մտերմիկ ելոյթ մը ունեցաւ։
Աննա Գէորգեան Ուղուրլեանի դաշնակի ընկերացութեամբ երգեց Տքթ.Գարին Չուպուքճեան Պոզքուրթ՝ Մելիքեանէ Վարդը, Պիզէէ Հապաներան, Աւետիսեանէ Իմ եղէգը եւ Արտիթիէ Իլ պաչիոն։
Սիլվա Կոմիկեան ասմունքի երկար ելոյթով մը հանդէս եկաւ, արտասանելով Իրմա Աճէմեանէ, Հիլտա Գալֆաեան Փանոսեանէ, Ալին Փիւսքիւլ Տօնիկենաէ, Իգնա Սարըասլանէ, Վարդ Շիկահերէ, Զարեհ Խրախունիէ, Ռոպէր Հատտէճեանէ, Զահրատէ եւ Եղիշէ Չարենցէ բանաստեղծութիւններ եւ արձակներ։
Հուսկ բանքը արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ յիշեցուց որ սաստկաշունչ ձմրան պատճառաւ երկիցս յետաձգուած էր այս հանդիսութիւնը։ Էսաեան վարժարանն վերջին շրջաններուն ձմրան քամիներու հետ դէմ յանդիման մնացած է սակայն դարաւոր կրթական օճախը ասոր ալ կարող է դիմադրել։ Համավարակի պատճառաւ մշակութային եւ ընկերային կեանքի մէջ տիրող ձմեռն ալ ահա սկսած է իր տեղը թողելու գարնան ջերմիկ մթնոլորտին։ Այս ջերմութեան կարօտ մնացեր էինք։ Մեր Հոգեւոր Պետը յոյս յայտնեց, որ աւելի կը ջերմանայ մեր համայնքի մշակութային եւ ընկերային կեանքը։
Յուշանուէրներ յանձնուեցան Էսաեանի երեք սաներու՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ.ի, Մարիամ Տրամէրեանի եւ Սաթենիկ Նշանի։
Ապա կտրուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը։
*******
ԳԻՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ
ԷՍԱԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ 75-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ
Հոգեւոր ուրախութեամբ կ՚ողջունենք Էսաեան Սանուց Միութեան հասած 75-ամեակի հանգրուանը։ Որպէս առաջին սպասաւորը համայնքին, քաղցր պարտականութիւն կը նկատենք մեր հայրական խօսքը բերել, մասնակից դառնալու այն հրճուանքին, որ զգալի կը դառնայ Էսաեանցիներու կեանքէն ներս։
Ոչ արհամարհելի այս գործունէութեան ժամանակաշրջանը կու գայ ինքնին փաստել այն իրողութիւնը, թէ մեր պանծալի կրթական յարկը ընթացած է ու կը շարունակէ ընթանալ իր առաքելութեան ուղիէն, փոխանցելու համար մեր նուիրականութիւնները սերունդներու շարանին։
Օսմանեան Կայսրութեան առօրեային մէջ 1908-ին իրականացած քաղաքական զարգացումը, որ հռչակուած սահմանադրական վարչաձեւին հետ կը բերէր ազատութեան մթնոլորտը եւ այս բարեբեր մթնոլորտը շնչած ազնիւ Էսաեանցիներ ի մի համախմբուելով հիմը դրին Էսաեան Սանուց Միութեան։ Միութիւն բառը յիրաւի արդարացած էր այս նորակազմ սանուց միութեան երդիքին ներքեւ։ Էսաեանի սաներու միջեւ հաստատուած բարոյական կապը, կարիքաւոր աշակերտներու հասնելու փափաքը, մշակութային գործունէութեամբ, թէ՛ անդամներու եւ թէ՛ վարժարանի աշակերտներու մտաւորական մակարդակը բարձրացնելու առաջադրութիւնը կարեւոր ցուցիչներն էին միութեան վարչութեանց շղթայի մէն մի օղակի յաջող ներդրումներուն։
Էսաեան Սանուց Միութիւնը, իր օրինակելի գործունէութիւնը շարունակելով հասած է մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիները եւ իր գործունէութիւնը հարկադրաբար դադրեցուցած՝ յառաջացած կեանքի դժբախտ պայմաններու բերմամբ։
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի տարիներուն դադրած միութեան գործունէութիւնը այս անգամ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի յաջորդող տարիներուն, նման անթեղուած կրակին, կրկին կ՚առկայծի 2 Մայիս 1947ին։ Առկայծեալ կրակը կը բոցավառի վերածուելով լուսառատ ջահի, որուն համար ջանադիրները քաջ ծանօթ էին միութեան առաջին շրջանի բազմաբեղուն գործունէութեան։
Նոյն գիտակցութիւնն է, որ երկրորդ շրջանին եւս յաղթական դուրս եկած է բազմապիսի դժուարութեանց դէմ մղուած բարի պատերազմներէն, դժուարութիւններ՝ ծագում առած նիւթականի տկարութենէն եւ կամ անհատներու երբեմն որդեգրած ամուլ անտարբերութենէն։ Միութիւնը, այս երկրորդ շրջանին եւս բացի միութենական առաքելութենէն, հաւատարիմ մնացած է իր մշակութասէր ու գրասէր նախնեաց օրինակին ու իր դրոշմը դրած է մշակուած եւ յաջողութեամբ պսակուած մշակութային, թատերական, երաժշտական հանդիսութեանց։ Բանախօսութիւններ, հայերէն թատրերգութիւններ, ցուցահանդէսներ, հրատարակութիւններ, միջվարժարանային արտասանական, թարգմանական մրցումներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վերածուած է բարձրաղաղակ վկայութիւններու հանրանուէր առաքելութեան մը յաջողութեան։
Էսաեանի սաներու միութենական ոգին առկայծ կը մնայ ի սփիւռս աշխարհի, մանաւանդ 25 Փետրուար 1968ին, ի Նիւ Եորք, 18 Յունուար 1970-ին, ի Փարիզ կազմուած Էսաեան սանուց միութիւններու շուրջ։
Սիրելի անդամներ Էսաեան Սանուց Միութեան,
Միութեան 75-ամեակին ուրախ հանգրուանին մեր հայրական թելադրանքը կ՚ուղղենք Ձեզի՝ բոլորիդ, վարչութեան եւ միութեան անդամներուն։ Նկատի ունեցէք, որ համաշխարհային չափանիշով տիրող ընկերային պայմանները, յատկապէս կը սպառնան փոքրաթիւ հաւաքականութիւններու առողջ գոյատեւման, զանոնք քշելով դէպի այլասեռում եւ ցուլում։ Այս առումով սանուց միութիւններու դերը առաւել կարեւորութիւն կը ստանայ։ Ինչ որ ալ ըլլայ տիրող պայմանները, կամքը ունեցէք պահելու այն ինչ որ աւանդուած է ձեզի։ Մնացէք Ձեր պատնէշին վրայ։ Հետաքրքրուեցէք եւ Ձեր շարքերէն ներս ընկալեցէք անխտիր բոլոր սաները, որոնք շնչած են Էսաեանի օրհնեալ մթնոլորտը։
Հայրական օրհնութեամբ եւ սիրով կը շնորհաւորենք Ձեզ, միութեան այս յիշատակելի օրուան առթիւ։ Բիւր յարգանք, խունկ ու աղօթք միութեան ի Քրիստոս ննջած անդամներու, վարչայիններու եւ բարերարներու անթառամ յիշատակներուն։ Կարողութիւն եւ յաջողութիւն կը մաղթենք միութեան այժմու վարչութեան, յիշեցնելով Պօղոս Առաքեալի պատուէրը Թեսաղոնիկէի Եկեղեցիին. «Որեմն, եղբայրնե՛ր, հաստատ կեցէք ու ամուր պահեցէք այն աւանդութիւնները՝ զոր սորվեցաք թէ՛ խօսքով ու թէ՛ մեր թուղթով։ Եւ ինքը մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս եւ Աստուած ու մեր Հայրը՝ որ սիրեց մեզ եւ տուաւ մեզի յաւիտենական մխիթարութիւն եւ բարի յոյս շնորհքով, թող մխիթարէ եւ հաստատ պահէ Ձեր սրտերը ամէն բարի խօսքի եւ գործի մէջ» (Բ. Թեսաղոնիկեցիս, 2.14-16)։
Թող ամենաբարին Աստուած անսասան պահէ Էսաեան Սանուց Միութիւնը, զօրութիւն եւ կարողութիւն ու գործոց բարեաց յաջողութիւն պարգեւէ. պահպանէ Իր Ամենազօր Սուրբ Աջոյն հովանիին ներքեւ։
Ողջ լերուք ի խնամս Տեառն, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ։ Ամէն։
Աղօթարար՝
ՍԱՀԱԿ Բ.
ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ
Տուաւ օրհնութեան գիրս Ի Պատրիարքարանիս
Ի դուռն Աթոռանիստ Մայր Տաճարիս Սրբուհւոյ Աստուածածնի
Որ ի Գումգաբու, Ստանպուլ
Ի 9ն Մարտի, յամի Տեառն 2022 եւ ի թուին Հայոց ՌՆՀԱ
Ընդ համարաւ 13032
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun