Մեծ Պահքի շրջանի Միջինքը նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, 23 Մարտ 2022, Չորեքշաբթի երեկոյեան, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն։
Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, միաբան հայրեր, քահանայից դասը եւ ժառանգաւոր սաներ, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի Թաղային Խորհուրդի անդամներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու կողմէ՝ առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Ժամերգութեան աւարտին ծնկաչոք երգուեցաւ Տէր ողորմեա՝ աշխարհի խաղաղութեան, հիւանդներու բժշկութեան եւ մեղքերու թողութեան համար։
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, տեղւոյն թաղային խորհուրդը Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ Նորին Ամենապատուութեան եւ հոգեւոր հայրերու համար սարքեց պահքի սիրոյ սեղան մը, ուր նշուեցաւ մեր Հոգեւոր Պետին ծննդեան վաթսունամեակը։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun