Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը շնորհաւորեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, իր ծննդեան վաթսունամեակին, ինչպէս նաեւ քահանայական ձեռնադրութեան երեսնամեակին կրկնակ առիթներով։
Նորին Սրբութիւնը իր շնորհաւորականին մէջ անդրադարձած է Նորին Ամենապատուութեան Մայր Աթոռի Գէորգեան Ճեմարանի տեսչական գովարժան եւ բազմարդիւն պաշտօնավարութեան մասին, որով լծուած էր նոր սերունդի եկեղեցականներու պատրաստութեան նուիրական գործին եւ առ ի գնահատութիւն արժանի նկատուած՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան։
Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրակացուցած է ըսելով. «Ուրախ ենք, որ Բարձրեալի ողորմութեամբ, որպէս Պոլսոյ 85րդ պատրիարք, ամենայն նախանձախնդրութեամբ ու նուիրումով կը շարունակէք արդիւնաւորել Ձեր ջանքերը ի խնդիր Պոլսոյ Նուիրապետական Աթոռի հեղինակութեան ամրապնդման եւ Պոլսահայ մեր զաւակներու հոգեւոր կեանքի զօրացման։ Կը հայցենք, որ Ամենակալ Տէրը պահէ եւ պահպանէ Ձեզ, պարգեւէ քաջառողջ արեւշատութիւն եւ երջանիկ գահակալութեան երկար տարիներ ի պայծառութիւն Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան եւ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ»։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun