Armenian Virtual College-ի եւ Synopsis Armenia-ի հիմնադիր, տեղեկագիտութեան ոլորտիմասնագէտ դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Կիրակի, 20 Մարտ 2022-ին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա․Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպման ներկայ էր «Սփիւռքի Տարի»ի ծրագիրներու համակարգողյանձնախումբի անդամ Շահան Գանտահարեան։ Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան Սիլիքոն Վալիյի (Silicone Valley) մէջ իբրեւ գլխաւոր ճարտարապետ կը ղեկավարէ «չիփերու» ձեւաւորման բաժանմունքը։
Դոկտ․ Զօրեան մասնակցած էր «Սփիւռքի Տարի»ի առիթով Վեհափառ Հայրապետինգլխաւորութեամբ տեղի ունեցած առցանց առաջին խորհրդակցութեան։
Դոկտ․ Զօրեան ներկայացուց տեղեկագիտական ոլորտի նորարութիւնները, թուայինհամակարգերու եւ ելեկտրոնային տարածքներու վրայ համախմբումներ ձեւաւորելու նորագոյնեղանակները՝ ընդգծելով նման ծրագիրներ հայկական աշխարհին մէջ իրականացնելուանհրաժեշտութիւնը։
Վեհափառ հայրապետը գնահատեց դոկտ․ Զօրեանին կատարած աշխատանքները եւ բերածնպաստը տեղեկագիտութեան առումով հայկական իրականութեան մէջ եւ խօսեցաւ նորաշխարահակարգին, առցանց տարածականութեան եւ հայկական աշխարհի տարբերբնագաւառներու մասնագիտական մարդուժը իրար կապակցելու հրամայականին մասին։Շեշտելով երիտասարդութեան դերը եւ անոր աշխոյժ ներկայութիւնը թուային եւ համացանցայինտարածքներու վրայ, Նորին Ս. Օծութիւնը արծարծեց այս բոլորի նպատակաուղղումը դէպիՍփիւռքի վերակազմակերպում։
Դոկտ․ Երուանդ Զօրեան գոհունակութիւն յայտնեց, որ իբրեւ մասնագէտ նկատի առնուած է«Սփիւռքի Տարի»ի ծրագրաւորման խորհրդակցութիւններուն եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցիր ներդրումը բերելու տեղեկագիտութեան մարզին մէջ յառաջիկային տեղի ունենալիքքննարկումներուն եւ աշխատանոցներուն։
Աղբիւր։ His Holiness Aram I https://www.facebook.com/CatholicosAramI
İlk yorum yapan siz olun