İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Համերգը Չէ Աւարտած…

ԴԱԼԱՐ ՆԷՆԷՃԵԱՆ

Հանդիպեցանք, թէկուզ երկարատեւ բացակայութենէ ետք, մասամբ շրջանցելով «Քորոնա» համավարակի ստեղծած ծանր եւ ճնշիչ կացութիւնը, ճգնաժամային օրերը:

Հանդիպեցանք կիրակի, 13 մարտ 2022-ին, բոլորիս ծանօթ եւ հոգեհարազատ ժամադրավայր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` անտեսելով ջերմաստիճանի անհամեմատ նուազումը, բուք ու բորանի անհերքելի ներկայութիւնը:

Հանդիպեցանք` չարենցեան ոգին վառ պահելով, սաւառնելու, ճախրելու համար դէպի հայկական երգադարանի հին եւ արդի գոհարներու անծայրածիր հորիզոնները:

Հանդիպեցանք` ըմբոշխնելու պոլսահայ անզուգական, տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Սիպիլի զուլալ  ձայնով ու բարձրորակ մակարդակով հրամցուած  հայաշունչ երգերը, որոնց իւրաքանչիւրին մեղեդին եւ ելեւէջը կը հպէր իւրաքանչիւրիս ներաշխարհին:

Հանդիպեցանք` հայ գրականութեան ժառանգած փառահեղ  եւ հոգեպարար բանաստեղծական կտորներուն ընդմէջէն գովերգելու մայրենի լեզուի յօրինած հարուստ բառամթերքը, որ անընդհատ կը պատկերազարդէ հայոց գրական անդաստանը:

Հանդիպեցանք` վերանորոգելու մեր խոստումը, գօտեպնդելով եւ վերահաստատելով, որ մշակոյթը, լեզուն, պատմութիւնն ու գրականութիւնը կը հանդիսանան հայութեան գոյատեւումի երաշխիքն ու խարիսխը:

Հանդիպեցանք` գնահատելու, քաջալերելու նորահաս սերունդի ուրուագծած արուեստի նորանոր ուղիները: Ուշագրաւ եւ յոյժ  գնահատանքի արժանի էին Համազգայինի «Քնար» պարախումբի,  «Գայեանէ» պարի դպրոցի, «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի կատարումները, որոնք դիւթեցին  ներկաները իրենց մասնակցութեամբ:

Ծափահարութիւններու թնդիւնը կը շարունակուէր, համերգը հասած էր իր աւարտին, սակայն այս անգամ իւրայատուկ էր նաեւ աւարտը. արդարեւ, տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Սիպիլ առաջին անգամ ըլլալով հնչեցուց «Իմ թեւերը» նոր յօրինուած երգը, որ կրցաւ իր ինքնուրոյն ներկայութիւնը դրոշմել մեր բոլորին սրտերուն մէջ:

Այո՛, բարեսիրական համերգի կազմակերպումը` ի նպաստ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին, ներկայ փուլին, երկրին մէջ տիրող տնտեսական ահաւոր պայմաններուն զուգահեռ, յանդուգն եւ դժուար քայլ մըն էր, որուն ձեռնարկած էր Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը:

Համերգը կրցաւ էապէս  յագեցնել ներկաներու տենչանքը երկար սպասումէ ետք:

Համերգը չէ աւարտած…

Համերգը դարձած է նոր պատմութիւն` իւրաքանչիւրիս յիշողութեան մէջ:

https://www.aztagdaily.com/archives/541407

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın