İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻ ՕԳՆԱԿԱՆ  ՄՈՒՀԹԷՐԷՄ ԻՆՃԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ

Համայնքային Հաստատութեանց Ընտրութեան Կանոնագրութեան պատրաստական աշխատանքներ տանելու գծով լիազօրուած յանձնախումբը զանազան փոքրամասնական համայնքներու հետ շփումներ ունենալու առաջադրութեամբ Ներքին Գործոց Նախարարի Օգնական Մուհթէրէմ Ինճէյի նախագահութեամբ Անգարայէն քաղաքս ժամանած էր։

Այս առումով Յարգարժան Մուհթէրէմ Ինճէ եւ յանձնախումբի անդամներ՝ Ներքին Գործոց Նախարարութեան  Նահանգային Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն Քիւրշաթ Աքպըյըք, Նահանգային Վարչութեան Շրջանային  Տնօրէն Մէհմէտ Եիւզէր, Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնի Օգնական Րըֆաթ Թիւրքէր 19 Մարտ, Շաբաթ յետ միջօրէի Պատրիարքարան այցելեցին եւ հանդիպում ունեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք հօր հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Աքփարթի (Արդարութիւն եւ Զարգացում) Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Տքթ. Սեւան Սըվաճըօղլու։

Յանձնախումբի անդամները այս հանդիպման ընթացքին իրենց տարած աշխատանքներու հետ առընչուած զարգացումներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին եւ ունեցան գաղափարի փոխանակումներ։

Ըստ յանձնախումբի անդամներուն ընտրութիւններու կատարման համար տարուած աշխատանքները, բացի գործնական քանի հարցերէ, հասած էին վերջնական փուլի եւ ըստ կարելւոյն ամենակարճ ժամանակի մէջ համայնքային հաստատութեանց ընտրութիւններու կատարուիլը կը նախատեսուէր։

Նորին Ամենապատուութիւնը ի տես արձանագրուած զարգացումներուն իր գոհունակութիւնը յայտնեց  եւ յանձին Յարգարժան Նախարարի Օգնական Մուհթէրէմ Ինճէյի յանձնախումբի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնելով,  յաջողութիւն մաղթեց բոլորին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın