İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 16 Մարտ 2022, Չորեքշաբթի, ուղարկածպատգամով շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ՝ Վսեմաշուք ՎահագնԽաչատուրեանը, իր նախագահ ընտրութեան եւ երդման արարողութեամբ պաշտօնի ձեռնարկմանկրկնակի առիթներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ, թէ աշխարհի զանազանբնագաւառներու մէջ տիրող զգալի անկայունութիւնները, մանաւանդ քաղաքական գետնի վրայյառաջացած բաղխումները կը սպառնան ժողովուրդներու խաղաղ կեցութեան ու անդորրութեան եւմաղթեց, որ Նորին Վսեմութեան պաշտօնավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան համարըլլայ բարեբեր եւ արդիւնաւէտ առկայ բազմազան դժուարութեանց յաղթահարման համար։

Պատրիարք Հայրը նաեւ ի բոլոր սրտէ մաղթեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութեանցբնականոնացման համար սկսած աշխատանքները իրենց բարերար ազդեցութիւնը գործեն երկուերկիրներու բարի դրացիական յարաբերութիւններու մշակման ուղղութեամբ, բան մը որունսրտանց կը փափաքէին Նորին Ամենապատուութեան երանաշնորհ նախորդները։ 

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın