Թուրքիոյ Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը իրենց առընթերակայ հոգեւորականներով, 17 Մարտ 2022, Հինգշաբթի երեկոյ, ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։ Ժողովին կըգլխաւորէին Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը, Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը, Ասորւոց Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Մետրոպոլիտը եւԹուրքիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Եպիսկոպոսաց ժողովի լիազօր ներկայացուցիչը Մոնս. Մասսիմիլիանօ Փալինուրօ։ Յունաց Պատրիարքի կողքին ժողովի մասնակից էր Գատըգիւղի Յունաց Էմանուէլ Սրբազան Մետրոպոլիտը։
Հաւաքոյթի մասնակից հոգեւոր պետեր գաղափարի փոխանակումներ ունեցան միջեկեղեցական յարաբերութեանց մասին։ Պէտք է յիշել, թէ այս մակարդակով միջեկեղեցական առաջին հանդիպումը կայացած էր շուրջ քսան տարի առաջ եւ մասնակիցներ իրենց արտայայտած գաղափարներով ընդգծած էին միջեկեղեցական բարւօք յարաբերութեանց կարեւորութիւնը։
Յետ խորհրդակցութեան, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բոլորին նուիրեց «Քրիստոնէութեան հիմնական սկզբունքները» նորատիպ հատորէն օրինակներ։ Այս հատորը բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերու համամտութեամբ նախապէս հրատարակուած էր թրքերէնով ու անգլերէնով, այսանգամ ալ հայերէնով։
Հաւաքոյթին մասնակից հոգեւոր պետերը եւ իրենց առընթերակայ հոգեւորականներ ի միհաւաքուեցան պահքի ընթրիքի սեղանի շուրջ։ Սեղանակից էր Գերշ. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան։Այստեղ մասնակիցներ շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութեան ծննդեան վաթսունամեակը եւյուշանուէրներ յանձնեցին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun