İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ (Բ)

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը նոր սպասումներու եւ նոր հարցականներու առիթ դարձաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։ Չավուշօղլու-Միրզոյեան հանդիպումը առանցքային էր։ Բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչ ներկայ էր, իսկ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեան՝ բացակայ։ Այս նիւթը ֆորումէն առաջ թէեւ մեծ հետաքրքրութեան առարկայ էր, սակայն, ֆորումի ընթացքին այդքան ալ մեծ հարց մը չյարուցեց։

Ուքրայնայի պատերազմը Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացի ապագային վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ։ Սա մեծ հարցում մըն է, որ տակաւին պիտի մնայ օրակարգի վրայ։ Սա ուղղակի կապ ունի Անգարայի այն մօտեցումին հետ, թէ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը չի կրնար անկախ ըլլալ տարածաշրջանային միւս գործընթացներէն։ Այժմ Ուքրայնայի պատերազմով այդ «միւս գործընթացները» ըսուածը յաւելեալ երանգ ստացած է։ Թէ ի՞նչ վիճակով պատերազմէն դուրս պիտի գայ Ռուսաստան, որ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Հայաստան-Ատրպէյճան հրադադարը ստորագրած երրորդ երկիրն է, որու խաղաղապահները Արցախի մէջ են։ Ռուսաստան պիտի կարողանա՞յ տեւականացնել իր հնարաւորութիւնները, Հարաւային Կովկասի գործընթացներուն վրայ ազդելու մեծ ներուժը։ Ռուսաստանի «զբաղուածութիւնը» Ուքրայնայի ճակատին վրայ՝ ի՞նչ դիրքի պիտի մղէ Ատրպէյճանը։ Այս բոլոր հարցումներու ետին թաքնուած գործօնները յառաջիկային պիտի պայմանաւորեն Թուրքիոյ վերաբերմունքը՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին նկատմամբ եւ, անշուշտ, փոխադարձաբար։ Երկու երկիրներու բանակցելու թէ՛ կարողութիւնները եւ թէ առաջնահերթութիւնները անպայմանօրէն պիտի ազդուին այս բոլորէն, ուղղակի կամ անուղղակիօրէն։

Թուրքիա-Հայաստան բանակցութիւնները թէեւ կ՚ընթանան ուղղակի, երկու հարեւան երկիրներու միջեւ, սակայն, Ռուսաստան կը համարուի «սենեակի մեծ փիղը», որովհետեւ անոր բանակը կը վերահսկէ երկու երկիրներու սահմանը։ Անանտեսելի եւ անթերագնահատելի գործօն մըն է Ռուսաստան, որ այլ բազմաթիւ հրատապ խնդիրներու պարագային գործ ունի Անգարայի հետ։ Եթէ Ռուսաստան առանց իր կարողութիւններէն զիջելու դուրս գայ Ուքրայնայի հետ պատերազմէն, Հարաւային Կովկասի համայնապատկերը կրնայ ըլլալ յարաբերաբար աւելի կանխատեսելի։ Այլապէս, եթէ Ռուսաստան աւելի լուրջ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու ստիպողութեան դէմ յանդիման մնայ, ապա տարածաշրջանի հաւասարակշռութիւնները կրնան էապէս փոխուիլ։

Յամենայնդէպս, բոլոր բեմագրութիւններով հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին հաւանական արդիւնքները պիտի ըլլան բեկումնային։

http://www.jamanak.com/content/օրակարգի-նիւթերը/16-03-2022-սպասումներ-եւ-հարցականներ-բ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın