İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՏՆՕՐԷՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՅԱՆՁՆԵՑ «ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ» ԳԻՐՔԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Մարտ 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։

Այս այցելութիւնը առիթ էր, որպէսզի «Քրիստոնէական Հիմնական Սկզբունքներ» նորատիպ գիրքէն օրինակ մը անձամբ ներկայացուէր մեր Հոգեւոր Պետին։ Սոյն գիրքը Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբի աշխատութեան պտուղն է, որուն խմբագրական աշխատութեան մէջ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մեծ ներդրում ունեցած է, տակաւին իր եպիսկոպոսութեան տարիներուն։ Աշխատութիւնը նախապէս հրատարակուած էր թրքերէնով եւ անգլերէնով, իսկ այս անգամ Պատրիարք Հօր հրամանաւ հրատարակութեան պատրաստուած՝ Հայերէնով։

Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ Աթոռոյս հոգեւորականաց դասու անդամներ իրենց ներդրումը բերած են գիրքի Հայերէնով լոյս ընծայման գործընթացքին։ Հայերէնի թարգմանութիւնը կատարած են՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Սրբագրութիւնները կատարած են՝ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Կողքի պատրաստութիւնը կատարած է Գեղանուշ Էօզպաղ։ Այս աշխատութիւնը, երկու բնագիրներու հետեւողութեամբ հայերէնի թարգմանուած ըլլալով հանդերձ, իր մէջ կը պարունակէ նաեւ հայերէնի թարգմանութեան մասին նախաբան մը, ինչպէս նաեւ եզրաբանական փոքր բառարան մը։

Աշխատութեան աւարտին, Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը եւս քննարկած է գիրքը եւ միաձայնութեամբ որոշուած է արտօնել գիրքին տպագրութիւնը։ 

Թամար Քարասուն, որդիական ակնածանօք նուիրեց գիրքը եւ Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց, որ նման գիրքի մը պատրաստութիւնը ստանձնած էր Պատրիարքական Աթոռը եւ ամենէն բարձր մակարդակով աշխատած էր, որպէսզի նման աշխատութիւն մը ի կատար ածուի։ Սուրբ Գրոց Ընկերութիւնը, պարզապէս արժէքաւոր աշխատութիւնը տպագրութեան յանձնելու պատիւն ունեցած էր։ Այս առթիւ մաղթեց որ աշխատութիւնը օրհնաբեր ըլլայ եւ իր դրական անդրադարձը ունենայ զանազան շրջանակներէ ներս։ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէնը, նաեւ տեղեկութիւն փոխանցեց ընկերութեան աշխատութիւններուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին։

Պատրիարք Հայրը, ի ձեռին ունենալով նորատիպ գիրքը, իր ուրախութիւնը յայտնեց եւ գնահատեց գիրքի պատրաստութեան համար իրենց ներդրումը ունեցած սպասաւորները։ Անգամ մը եւս շեշտուեցաւ, թէ՝ այս գիրքը իր տեսակին մէջ իւրայատուկ նշանակութիւն ունէր, քանի Քրիստոնէական հիմնական սկզբունքները կը ներկայացնէր առանց դաւանանքի խտրութեան։ Պատրաստութեան փուլին մէջ իրենց համամտութիւնը յայտնած էին Յունաց Տիեզերական Պատրիարքը, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքը, Ստանպուլի, Անգարայի եւ Իզմիրի Ասորւոց Առաջնորդն եւ Պատրիարքական Փոխանորդը, Թուրքիոյ Կաթոլիկ Եպիսկոպոսներու Համաժողովի Նախագահը եւ Թուրքիոյ Բողոքականներու Միութեան Ատենապետը, բան մը որ Քրիստոնէական հասկացողութեամբ լաւ պատգամ մը կը փոխանցէր։ Տեղական պայմաններով պատրաստուած աշխատութիւն մը, նախապէս ցոյց տուած էր իր կարեւորութիւնը եւ շրջանցած՝ երկրի սահմանները, հասնելով մինչեւ Վատիկան։ Պատրիարք Հայրը վստահութիւն յայտնեց, թէ՝ սոյն աշխատութիւնը հայախօս շրջանակներէ ներս եւս կարեւոր ներդրում պիտի ունենար։

Հանդիպման աւարտին, մեր Հոգեւոր Պետը իր օրհնութիւնը տուաւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան աշխատակազմին եւ տնօրէնութեան եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։

Հարկ է յիշեցնել, թէ Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբաթ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին տուած այցելութեան ընթացքին, «Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները» նորատիպ գիրքին առաջին օրինակը ներկայացուցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ տեղեկութիւններ փոխանցած՝ գիրքի բովանդակութեան եւ պատրաստութեան փուլերուն մասին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın