İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ յայտնի միջազգայնագէտ եւ քաղաքագէտ Արման Գրիգորեան, որ Երեւան ծնած է եւ երկար տարիներէ ի վեր ակադեմական գործունէութիւն կը ծաւալէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Ան ներկայիս Լիհայի համալսարանի դասախօսներէն է եւ անցեալ շաբաթավերջին Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած է քաղաքս։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք ծանօթանալու Արման Գրիգորեանի հետ, որ արդէն երկրորդ անգամ կ՚այցելէ քաղաքս։ Առաջին այցելութիւնը եղած է բաւական երկար ժամանակ առաջ, 1990-ականներու կէսերուն։ Ինչպէս այդ առաջին այցը, ներկայ այցելութիւնն ալ բաւական կարճ է։

Այսօր, «Փերա փալաս» պանդոկին մէջ Արման Գրիգորեան կը մասնակցի «Restart» նախաձեռնութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին կը շօշափուին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարները։ Այս հաւաքոյթը կը վարէ Ճենին Միթչըլ, որ յիշեալ նախաձեռնութեան ղեկավարներէն է։ Ատենախօսներէն մին է Ատրպէյճանէն լրագրող Էմին Միլլի, որ երկար ժամանակէ ի վեր Պերլինի մէջ կը բնակի եւ նոյնպէս մաս կը կազմէ յիշեալ նախաձեռնութեան ղեկավարութեան։ Միւս ատենախօսն է Արման Գրիգորեան, որ մասնագիտութեամբ թրքագէտ է։ Երեւանի Պետական համալսարանէ ներս թրքագիտութիւն ուսանելէ վերջ, Արման Գրիգորեան մեկնած է ԱՄՆ, ուր Շիքակոյի համալսարանէն ներս միջազգային յարաբերութիւններու վրայ մագիստրոսութեան աստիճան ստացած է, իսկ աւելի վերջ ալ՝ Քոլոմպիայի համալսարանէն ներս տոքթորականի թեզ մը պաշտպանած է քաղաքագիտութեան վրայ։

Երէկուան մեր հաճելի զրոյցի ընթացքին Արման Գրիգորեան յայտնեց, որ իր տեսակէտէ հետաքրքրական եղած էր Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին հետեւիլը։ Հաւաքոյթը առիթ ընձեռած էր ազդու եւ հեղինակաւոր անձերու հետ կարծիքի շփումներ ունենալու համար։ Իսթանպուլի կեցութեան կարճ շրջանն ալ այդ առումով նուազ հետաքրքրական չէր՝ մանաւանդ, որ Արման Գրիգորեան հանդիպում մըն ալ ունեցած էր Տնտեսութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի (EDAM) ղեկավար Սինան Իւլկէնի հետ։ Այս վերջինը երէց սերունդէ վաստակաւոր դիւանագէտ մըն է եւ ներկայիս իր փորձառութեամբ կը գլխաւորէ յիշեալ հասարակական-հետազօտական կազմակերպութիւնը։

Արման Գրիգորեան «Փերա փալաս»ի մէջ այսօր նախատեսուած ելոյթէն վերջ վաղը արդէն հրաժեշտ պիտի առնէ քաղաքէս՝ վերադառնալու համար Միացեալ Նահանգներ։ Երէկուան մեր հանդիպման ընթացքին ան յայտնեց, որ յետպատերազմեան շրջանին ինք Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները եւ անոնց հեռանկարները մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ։ Ան համոզուած է, թէ Երեւան արտաքին քաղաքական նոր վարքագիծ մը պէտք է ունենայ։ Իր դիտարկումով 44-օրեայ պատերազմի պատճառած աղէտի հիմնական պատճառը կը համարուի Հայաստանի քաղաքական ու գաղափարական մթնոլորտը, պետական կառավարման մէջ անլրջութիւնով հանդերձ։ Արման Գրիգորեանի դիտարկումով, այդ խնդիրները ցայսօր կը մնան առկայ։ Պատերազմէն վերջ երկրի կառոյցները լուրջ քննութեան մը չեն ենթարկուած, թէեւ այդ բանը անհրաժեշտ է։ Այդ լուրջ քննութեան բացակայութիւնն է պատճառը, որ երկրէն ներս քաղաքական նոր շարժում մը ծնունդ չէ առած՝ մասնաւորապէս առասպելներէ հրաժարելու տեսակէտէ։

Զրոյցի աւարտին Արման Գրիգորեան նշեց, որ ինք թրքահայութեան կարեւոր նշանակութիւն կը վերագրէ հայ իրականութեան մէջ։ Արդարեւ, պոլսահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը չափազանց կարեւոր կը համարուի, անկախ ամէն տեսակ իրավիճակէ կամ հանգամանքէ։  

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F16-03-2022-հեռանկարներու-հետքերով

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın