İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ

Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի միջեւ։ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ կարեւոր հանդիպում մըն էր այս մէկը, որ տեւեց շուրջ կէս ժամ։ Երկար ժամանակ վերջ այս մակարդակով հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ։ Չավուշօղլու-Միրզոյեան ժամադրութիւնը, ընդհանրապէս, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումի շրջանակներէն ներս անմիջական ուշադրութեան, ամենավառ հետաքրքրութեան առարկայ դարձած իրադարձութիւններէն մին էր։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներն ալ նախարարներու հանդիպման պահ առ պահ հետեւեցան։ Տեսակցութեան աւարտին Չավուշօղլու եւ Միրզոյեան հանդէս եկան հակիրճ յայտարարութիւններով։

Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս փուլին ըսաւ.

«Կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին։ Ինչպէս աւելի առաջ ալ ըսած էինք, Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը բոլորին համար բաց է, սա հարթակ մըն է, ուր բոլորին ձայնը պէտք է լսելի դառնայ։ Քիչ առաջ իրեն հետ երկկողմանի հանդիպում մըն ալ ունեցանք։ Կրնամ ըսել, որ ծայր աստիճան արդիւնաւէտ, շինիչ հանդիպում մըն էր։ Գիտէք, որ մեր յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար գործընթացի մը սկիզբ տուած ենք։ Մեր նախագահին՝ Էրտողանի եւ Փաշինեանի փոխադարձ դրական պատգամներէն վերջ, յատուկ ներկայացուցիչներ պաշտօնի կոչեցինք։ Մեր յատուկ ներկայացուցիչները երկու անգամ տեսակցեցան Մոսկուայի եւ Վիեննայի մէջ։ Յարաբերութիւններու ամբողջական բնականոնացման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերուն շուրջ տեսակցեցան ու կը շարունակեն տեսակցիլ։ Մենք ալ այսօր այդ բոլորը վերատեսութեան ենթարկեցինք, արժեւորեցինք։ Գոհունակութեամբ կ՚ուզեմ ըսել, որ մենք ջանք կը գործադրենք Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան համար ու բոլոր կողմերէն աջակցութիւն կը տեսնենք մեր այդ ջանքերուն ի նպաստ։ Մասնաւորապէս Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առնուած քայլերէն ու բնականոնացման գործընթացէն գոհ է նաեւ Ատրպէյճան։ Վերջին անգամ, գիտէք՝ շաբաթ օր Պաքու էի եւ Ատրպէյճանն ալ այս գործընթացը կը խրախուսէ։ Արդէն տարածաշրջանէ ներս խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը նպաստաւոր է մեր բոլորին համար ու պիտի շարունակենք այս ուղղութեամբ քայլեր առնել։ Այս հարցին շուրջ համակարծիք գտնուեցանք յարգելի արտաքին գործոց նախարարին, պարոն Արարատին հետ»։

Աւելի վերջ, Արարատ Միրզոյեանն ալ ըսաւ.

«Նախ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նախարար Չավուշօղլուի հրաւէրին համար։ Ես կը կարծեմ, թէ հրաւէրը բաւական դրական ուղերձ մըն էր եւ անհրաժեշտ համարած եմ նոյն դրական ձեւով արձագանգել այդ ուղերձին։ Մեր հանդիպման ընթացքին մենք վերահաստատած ենք երկու կողմերու պատրաստակամութիւնը՝ շարունակել կարգաւորման, բնականոնացման գործընթացը՝ յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով, առանց որեւէ նախապայմանի։ Եւ մեր երկու ներկայացուցիչները կ՚աշխատին այս ուղղութեամբ։ Կը յուսամ, թէ մօտաւոր ապագային դրական արդիւնքներ կը տեսնենք։ Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները կը փորձեն կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանին մէջ։ Յամենայնդէպս, Հայաստանի կողմէ կայ խաղաղ եւ կայուն տարածաշրջան մը ունենալու պատրաստակամութիւնը»։

Բաց աստի, Արարատ Միրզոյեան Անթալիայի մէջ նոյն օրը հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F14-03-2022-բնականոնացման-ճանապարհին

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın