Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը աւարտելով Մայր Աթոռի մէջ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովի մասնակցութեան համար ուղեւորութիւնը, հրաժեշտ առաւ։
Նիստերու աւարտին, 11 Մարտ 2022, Ուրբաթ, յետ միջօրէին, Պատրիարք Հայրը նախ քան վերադարձը, հրաժեշտի այցելութիւն մը տուաւ Վեհափառ Հայրապետին։ Նորին Ամենապատուութիւնը իրեն ընծայուած հիւրասիրութեան համար անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ յիշեց, թէ՝ Մայր Աթոռոյ մէջ կեցութեան օրերը, ինչպէս միշտ լաւագոյնս նպաստած էր իրեն։
Ապա, Մայր Աթոռոյ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան Մկրտարան-Մատուռի մէջ կատարուեցաւ հրաժեշտի արարողութիւն եւ ճանապարհի աղօթք։ Այս առթիւ, Մայր Աթոռոյ Եկեղեցական Հայեցակարգային Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Վազգէն Եպս. Միրզախանեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Մայր Աթոռոյ Միաբանութեան բարի ճանապարհ մաղթեց Նորին Ամենապատուութեան։ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովները լաւ առիթներ եղան, որ Պատրիարք Հայրը այցելէ Ս. Էջմիածին եւ հանդիպումներ ունենայ, թէ՛ միաբանութեան անդամներուն եւ թէ ժողովուրդին հետ։ Այս առիթով, անգամ մը եւս յիշատակելով Պատրիարք Հօր Ս. Էջմիածնէ ներս թողած բարի յիշատակները, մաղթեց որ կրկին անգամներ Ս. Էջմիածնի մէջ Նորին Ամենապատուութեան հետ հանդիպելու առիթներ ստեղծուին։
Ապա Պատրիարք Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ հանդէպ Վեհափառ Հայրապետին եւ միաբանութեան անդամներուն։ Ժամանակը շատ շուտ անցած էր եւ հասած էր հրաժեշտի պահը։ Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը յիշեցուց, թէ՝ բոլորս ուղեւորներ ենք այս աշխարհի վրայ եւ նման ողեւորութիւններ կը յիշեցնեն կեանքի այս իրականութիւնը։ Իսկ Մայր Աթոռոյ եւ սրբատեղեաց մէջ կանգ առնելը առիթ է որ այս ուղեւորութեան ընթացքին թարմանանք, նորոգուինք եւ շարունակենք մեր առաքելութիւնը։ Խօսքի աւարտին, Պատրիարք Հայրը Մայր Աթոռոյ անսասանութեան համար եւս աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ մաղթեց կրկին անգամ այցելել մայրավանք։
Արարողութեան աւարտին, Վազգէն Սրբազանի գլխաւորած պատուիրակութեան կողմէ մեր Հոգեւոր Պետը, ընկերակցութեամբ Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի, առաջնորդուեցաւ Զուարթնոց Օդակայան եւ ժամը 19.30-ին մեկնեցաւ Ստանպուլ։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun