Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 11 Մարտ 2022, Ուրբաթ առաւօտ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանաբնակ արուեստագէտ Լեւոն Լաճիկեանը։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Աթոռոյս միաբան՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։
Լաճիկեան, Պոլսահայ կեանքէ ներս յայտնի դարձած է նկարչական իր եզակի աշխատութիւններով։ Նոյնիսկ անցեալին, Գնալը Կղզիի մէջ ցուցահանդէս մը կազմակերպելով, հանրութեան ներկայացուցած է աշխատութիւնները։ Ան, Պատրիարք Հօր Մայր Աթոռոյ մէջ կեցութենէն օգտուելով փափաքն ունեցած էր Նորին Ամենապատուութեան ներկայանալ, իր աշխատութիւններուն մասին տեղեկութիւններ փոխանցել եւ իր ծրագիրներուն մասին Պատրիարք Հօր գաղափարները ստանալ։
Վերջերս, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, 2022ի սեմին Մայր Աթոռոյ տպարանէն լոյս տեսած է պատի օրացոյց մը, որուն մէջ Տիար Լաճիկեան, Մայր Աթոռոյ Մատենադարանի հաստատման տասնամեակին առթիւ գեղեցկօրէն նկարած է Մայր Աթոռոյ համալիրին զանազան կառոյցները։ Հանդիպման ընթացքին, Տիար Լաճիկեան ներկայացուց այս աշխատութիւնը։
Պատրիարք Հայրը, տեսնելով արուեստագէտին բծախնդիր աշխատութիւնները, մեծապէս գնահատեց եւ յայտնեց, թէ՝ Մայր Աթոռոյ մէջ իր աշխատութիւններուն արժեւորումը նշանն էր, թէ՝ ինք արժանացած էր բարձր մակարդակի գնահատանքի։ Պատրիարք Հայրը, գովեց նաեւ արուեստագէտի Պոլսոյ հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը եւ այս միոյն որպէս հետեւանք Պոլիսով ստեղծագործելը։ Մեր Հոգեւոր Պետը խորհուրդներ տուաւ արուեստագէտ Լաճիկեանին եւ յաջողութիւն մաղթեց։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun