İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Ազդակ»-ի Հարցազրոյցը` Երգչուհի Սիպիլի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու սաներու ֆոնտին ի նպաստ 13 մարտ 2022-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունենալիք բարեսիրական համերգին ելոյթ պիտի ունենայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլը, որուն հետ այս առիթով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց:

«ԱԶԴԱԿ».- Ձեր երկրորդ այցելութիւնն է Լիբանան, ուր կայ մեծաթիւ գաղութ մը: Ի՞նչ են ձեր զգացումներն ու մտածումները:

ՍԻՊԻԼ.- Իրականութեան մէջ իմ երրորդ այցելութիւնս պիտի ըլլայ դէպի Լիբանան: Առաջինը` իբրեւ զբօսաշրջիկ, իսկ երկրորդը, հինգուկէս տարի առաջ, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան կողմէ ստացած հրաւէրի միջոցով: Ուրախ եմ, որ տարիներ ետք կրկին առիթը պիտի ունենամ Համազգայինի հրաւէրով եւ նոյն միութեան կազմակերպած համերգին ելոյթ ունենալ շատ սիրելի ու հայրենանուէր լիբանանահայութեան համար: Ինչպէս գիտէք, «Քորոնա»-ի համաճարակի պատճառով դեկտեմբերին նախատեսուած սոյն համերգը յետաձգուեցաւ, եւ ես անհամբեր կը սպասէի նոր թուականի ճշդումին: Բոլորս երկու դժուար տարիներ ապրեցանք: Այս շրջանին Հայաստանի մէջ զանազան ելոյթներ ունեցայ, բայց, ցաւ ի սիրտ, համաճարակի պատճառով ստիպուեցայ ընդմիջել զանոնք: Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք համերգը իմ առաջին մենահամերգս պիտի ըլլայ: Յուզուած եմ եւ անհամբեր: Համերգ տալու նպատակով Լիբանան կատարած առաջին այցելութեանս ընթացքին ունեցած էի անմոռանալի ապրումներ: Լիբանանահայ ժողովուրդին ջերմ ընդունելութիւնը յուզած էր զիս: Կը մաղթեմ, որ այս համերգս ալ նոյն ջերմութեամբ ընդունուի:

«Ա.».-  Խօսինք 13 մարտին տեղի ունենալիք ձեր համերգի ծրագիրին մասին:

Ս.- Համերգիս մաս պիտի կազմեն Համազգայինի պարուսոյցներ Կարէն եւ Ժագլին Մակինեաններու գլխաւորած «Քնար» պարախումբը, ինչպէս նաեւ կարգ մը երգերով «Տաւիղ» կիթառահարներու համոյթի եւ «Բարսեղ Կանաչեան» Երիտասարդական քոլեճի երաժիշտները, որոնց գեղարուեստական ղեկավարն է Մկրտիչ Միքայէլեան: Ամիսներէ ի վեր Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հետ մեծ աշխատանք կը տանինք: Բոլորիս ծանօթ է Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը, հետեւաբար քաջատեղեակ եմ թէ դիւրին չէ այս պայմաններու տակ ձեռնարկ կազմակերպել: Ես սրտանց կը գնահատեմ զիրենք, իրենց կատարած աշխատանքին եւ հրաւէրին համար:  Ինծի համար մեծ պատիւ է երգել Լիբանանահայութեան համար:

«Ա.».- Խօսինք երգացանկին մասին: Ընդհանրապէս ինչ ժանրի երգեր պիտի մեկնաբանէք:

Ս.- Փորձեցի իմ հինգու կէս տարի առաջուան երգացանկէն տարբեր երգել մեկնաբանել: Բայց կան այնպիսի երգեր, որոնք անպայման կ՛ուզէ լսել ունկնդիրը, եւ ես այդ շարանն ալ պիտի երգեմ: Այս անգամ երգացանկիս մէջ տեղ կը գրաւեն երկու օտար երգեր: Չեմ ուզեր յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցել յայտագիրին մասին, որպէսզի անակնկալ ըլլայ:

«Ա.».- Ընդհանուր գիծերու մէջ մեր ընթերցողներուն ծանօթացուցէք ձեր ստեղծագործական ճանապարհը:

Ս.- Մօտ տասներկու տարիէ ի վեր հանրութեան առջեւ հանդէս կու գամ որպէս երգչուհի: Երբ որոշեցի երգչուհի ըլլալ, առաջին փափաքս ու նպատակս էր հայերէն երգն ու իմ մայրենիս ծանօթացնել նախ Թուրքիոյ մէջ, որովհետեւ ծնած եմ Պոլիս, ապա արտասահմանի մէջ լսելի դարձնել նաեւ օտարներուն: Կ՛ուզէի երգի միջոցով իմ խօսքս փոխանցել: Այդ պատճառով է, որ իմ ալպոմներուս մէջ տեղ տուած եմ հայրենասիրական եւ ազգասիրական երգերու: Տակաւին կը պայքարիմ եւ ջանք չեմ խնայեր աւելին ընելու իմ պաշտելի հայ երգը տարածելու համար:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այսօր հայ երգը:

Ս.- Երբ կը խօսինք հայ երգին մասին, ակամայ կը յիշենք շատ գեղեցիկ եւ բարձրորակ հին ստեղծագործութիւնները: Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այսօր եւս շատ գեղեցիկ յօրինումներ կան: Բարձր կը գնահատենք հիները, բայց ես կ՛ուզեմ նոր ստեղծագործութիւններ ալ մեկնաբանել եւ նուիրել մեր յաջորդներուն: Մեր պարտականութիւնն է բարձր պահել որակը եւ սիրցնել հայ երգը նորահաս սերունդին:

https://www.aztagdaily.com/archives/540175?fbclid=IwAR1kaCLNXwW6A1_WwV0eCPeDQEvrtln_WN7sbjax6esSVbJRqoh7IPojqRc

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın