Շաբաթավերջին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Պալքաններու 27-րդ մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Իր տեսակին մէջ 27-րդ այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի հաւաքականը։ Աթագիւղի մարմնամարզի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ախոյենութիւնը, որուն 19 երկրէ 250 մարզիկ մասնակցեցաւ։
Հայաստանէ ժամանած խումբին գլուխը կը գտնուէր Գրիգոր Բարսեղեան։ Մարզիչն էր Արսէն Պետրոսեան։ Միօրեայ մրցաշարքի ընթացքին եռացատկորդ Լեւոն Աղասեան նուաճեց ոսկէ մետայլ։ Ան հասաւ 16 մեթր 26 սանթիմեթր արդիւնքի՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։ Իրեն յաջորդեցին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։ Վազքի մէջ ալ Երուանդ Մկրտիչեան նուաճեց արծաթեայ մետայլ։
Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմեցին նաեւ՝ Ռազմիկ Մկրտիչեան, Ռոման Ալեքսանեան, Գոռ Յարութիւնեան, Գայիանէ Ճիլոյեան, Էլենա Ալավերտեան եւ Եանա Սարգսեան։
Մրցաշարքէն առաջին կարգի վրայ դուրս եկաւ Թուրքիոյ հաւաքականը։ Աւարտին, Մարմնամարզի դաշնակցութեան նախագահ Ֆաթիհ Չինթիմար մասնակցութեան վկայական մըն ալ յանձնեց Գրիգոր Բարսեղեանին, որ կը գլխաւորէր Հայաստանէն ժամանած պատուիրակութիւնը։
Հայկական խումբին Իսթանպուլի մէջ կեցութեան ընթացքին ուղեկցեցաւ մեր մարզասէր ազգայիններէն Նազար Հանչէր։ Երէկ, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ալ փութաց հայկական հաւաքականի այցելութեան, ողջունեց մարզիկներու ներկայութիւնը եւ շնորհաւորութիւններ յղեց դափնեկիրներուն։
Հայաստանի մարմնամարզի հաւաքականը արդէն վերադարձաւ Երեւան։
İlk yorum yapan siz olun