İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, որ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն մասնակցելուհամար կը գտնուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին,  5 Մարտ 2022, Շաբաթ, Վեհարանին մէջ ներկայացաւՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Հանդիպան ներկայ եղան նաեւՄայր Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեան եւ Պատրիարքական ԱթոռոյսԼուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց Պատրիարք Հայրը եւ բարիկեցութիւն մաղթեց։ Վեհափառ Հայրապետը հետաքրքրուեցաւ նաեւ Պոլսոյ ՊատրիարքականԱթոռոյ ժողովուրդին հետ եւ այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց։

Պատրիարք Հայրը եւս ոգեւորուած տրամադրութեամբ Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւնյայտնեց ընծայուած հիւրընկալութեան համար եւ յայտնեց, թէ՝ երկու տարի յետոյ կը գտնուէր ՄայրԱթոռ Ս. Էջմիածին, իսկ միւս կողմէ կրկին անգամ այս սրբավայրին մէջ ներկայ գտնուիլը մեծերջանկութիւն էր։ Մէկ շաբթուան կեցութիւնը վստահաբար առիթներ պիտի ընծայէր, որ ՄայրԱթոռոյ օրհնութիւնը ստանայ եւ վերադարմացած վերադառնայ Ստանպուլ։

Պատրիարք Հայրը, այցելութեան առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Նորին Սրբութեան։  ՆորինԱմենապատուութիւնը Վեհափառ Հայրապետին  ներկայացուց արեւմտահայերէնով լոյս տեսած«Քրիստոնէութեան Հիմնական Սկզբունքները»  նորատիպ գիրքին առաջին օրինակը, աշխատութիւն մը որ տարիներ առաջ հրատարակուած էր թրքերէնով եւ անգլերէնով։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın