İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ ՍԿՍԱՒ

Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ընդլայնուած կազմը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, 7 Մարտ 2022, Երկուշաբթի առաւօտ գումարեց իր նիստը, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. ԱմենայնՀայոց Վեհափառ Հայրապետի։ Ժողովին կ’ատենապետէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։

Ժողովը սկսաւ Տէրունական Աղօթքով, որմէ յետոյ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի հոգեւորական եւաշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ՎեհափառՀայրապետը։ Նորին Սրբութիւնը յատուկ  գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Պոլսոյ ԱմենապատիւՍրբազան Պատրիարք Հօր ներկայութեան եւ Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերումասնակցութեան։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ շնորհաւորեց Հոգշ. Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատուրեանը, Ֆրանսայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելովարդիւնաւոր առաքելութիւն։

Ժողովի օրակարգին ընդգրկուած են ազգային, եկեղեցավարչական, իրաւական, կանոնական եւեկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման հետ առընչուած հարցեր։

Ժողովը կը շարունակուի մինչեւ 11 Մարտ, Ուրբաթ։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın