İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՔԱՐՈԶԵՑ Ս. ԳԱՅԻԱՆԷ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. Գայիանէ Վանքին մէջ, 6 Մարտ 2022, Արտաքսման Կիրակի, ժամը 11.00-ին, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, տեղի ունեցան կիրակնօրեայ արարողութիւններ, որոնց ներկայ էին Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայեանի գլխաւորութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան անդամները։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, ինչպէս նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։

Պատրիարք Հայրը հոգեւոր հայրերու կողմէ առաջնորդուեցաւ Ս. Գայիանէի վանքը։ Ս. Պատարագը մատոյց Մայր Աթոռոյ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Ներսէս Աբղ. Յարութիւնեան, իսկ օրուան քարոզը խօսեցաւ Նորին Ամենապատուութիւնը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան նոյն վանքի երգչախումբի կողմէ։

Յատկանշական էին արարողութիւնները, նկատի ունենալով որ երկու տարի յետոյ Նորին Ամենապատուութիւնը ներկայ կը գտնուէր Մայր Աթոռ եւ յընթացս Ս. Պատարագի կը յիշատակուէր նաեւ Կ.Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր անունը։

Քարոզի ատեն նախ հանդէս եկաւ Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը եւ յանուն Վեհափառ Հայրապետին եւ Մայր Աթոռոյ Միաբանութեան ողջունեց Նորին Ամենապատուութեան ներկայութիւնը, անոր մաղթեց յաջողութիւններ։ Այս առթիւ յայտնեց, թէ՝ Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը առիթ պիտի դառնար, որ ներկաներ ունկնդրէին իր քարոզը։ Ապա՝ հրաւիրեց Նորին Ամենապատուութիւնը, որ փոխանցէ պատգամը։

Մեր Հոգեւոր Պետը նշեց, որ իրեն համար ուրախութիւն էր Մեծ Պահքի կիրակիներէն մէկուն խորհուրդը բաժնել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համալիրէն ներս համախմբուած հոգեւոր եղբայրներու եւ հաւատացեալներու հետ։ Երկու տարի առաջ Հայաստան այցելած էր եւ յաջորդ տարիներուն զանազան դէպքեր տեղի ունեցած էին։ Համավարակի, պատերազմի եւ նման դժբախտութիւններու ականատեսը եղած էր Հայաստանը, որոնք թէ՛ երկրէ ներս եւ թէ աշխարհի տարածքին իրենց ազդեցութիւնը ունեցած էին։ Այս պահուն հայութիւնը յուզող խնդիրներու հետեւած էր Պոլիսէն եւ անգամ մը եւս տեսած էր Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը եւ այս առումով հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելէ չխրտչած Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը։

Նորին Ամենապատուութիւնը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Մայր Աթոռոյ անսասանութեան եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի արեւշատութեան համար։

Յաջորդիւ Պատրիարք Հայրը իր քարոզին շարունակեց Արտաքսման Կիրակիի խորհուրդին անդրադառնալով։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց, թէ՝ օրուայ յիշատակութիւնը մարդկային իրականութենէ ներս թափանցած ամենէն ցաւալի տարեդարձն է ըստ մեր եկեղեցւոյ օրացոյցին, քանի մեղքի հետ ծանօթացումի եւ մահկանացու մեծ պատիժի արժանացած ըլլալու յիշատակն է։ Եկեղեցին կ՚ուզէ, որ շեշտաւորումով յիշենք եղելութիւնը եւ մարդկային դասը քաղենք իրմէ։ Ուրկէ՞ եկած էր այս ցաւալի պատճառը՝ մեղքը։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս շեշտեց երջանկութեան կարեւորութիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ Աստուծոյ վերապահուած նշանաւոր անուններէն մին էր այդ։ Աստուած որքան սէր է, նոյնքան ալ երջանկութիւն է։ Հետեւաբար Աստուած մեր էութեան մէջ դրած է երջանկութիւնը եւ մեր բազմապիսի գործունէութեանց հիմնապատճառն է երջանիկ ըլլալու կամքը։ Մեր ժխտական կամ դրական բոլոր գործունէութեանց մէջ երջանկութեան իղձը զգալի կը դառնայ։ «Երջանկութիւնը լաւ ապրուած կեանքի մը արձագանքն է մեր հոգիին մէջ» ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ յայտնեց, թէ՝ մեղքին գլխաւոր պատճառը կը դառնայ անբաւարարութիւնը՝ աւելի երջանիկ ըլլալու տենջանքը։ Դրախտային կեանքի մէջ մեր նախահայրերը անբաւարարութեան պատճառաւ աւելի երջանիկ ըլլալու համար արգիլուածը գործեցին։ Հետեւաբար, մարդկային կեանքի մէջ եւս նոյն տեսարանը միշտ կը կրկնուի, քանի մեզի տրուածներով չենք բաւարարուիր։ Իրաւ է, թէ՝ մեզի չտրուածներուն ձգտիլը միշտ մեղք չէ, սակայն պէտք է քննենք, թէ՝ մեր ճանապարհը որքանով մեզի դէպի լաւ կը տանի եւ կամ սխալի։ Այս առումով Պատրիարք Հայրը, թելադրեց որ օրուան աւարտին բաւարարութեամբ «Փառք Քեզ Աստուած» աղօթքը արտասանենք եւ յաջորդիւ հետեւինք Ս. Գրային «Նախ խնդրեցէք Արքայութիւնն Աստուծոյ եւ Իր արքայութիւնը» խօսքերուն։

Ս. Պատարագի աւարտին Սրբազան Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ պաշտօն կատարուեցաւ ազգային բարերար Ալեքսանդր Մանթաշովի հոգւոյն ի հանգիստ։

Վերջին օրհնութենէ յետոյ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թափորով դուրս ելաւ տաճարէն, օրհնելով մեծ ջերմեռանդութեամբ իրեն մօտեցած հաւատացեալները։

Արարողութեան մասնակից հաւատացեալներ երկար ժամանակ յետոյ Պատրիարք Հօր ներկայութիւնը վայելած ըլլալով իրեն մօտեցան եւ մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնը ստացան։ Միաբան հայրեր եւ հաւատացեալներ յատկապէս ոգեւորուած էին Պատրիարք Հօր կիրակնօրեայ քարոզը Ս. Էջմիածնի համալիրին մէջ ունկնդրած ըլլալով։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարք Հայրը, անցեալին Ս. Էջմիածնի մէջ ծառայութեան շրջանին, օրհնութեամբ՝ Վեհափառ Հայրապետին, Աստուածաշնչային քարոզչութեան հսկայ առաքելութիւն տարած էր։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın