İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ԵՒ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ՀՐԱՇԱՓԱՌՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովին մասնակցելու համար, 4 Մարտ 2022, Ուրբաթ իրիկուն, ընկերակցութեամբ՝ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի, Ստանպուլէն Երեւան մեկնեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը վաղ առաւօտուն հասաւ Զուարթնոց Օդակայան եւ դիմաւորուեցաւ Մայր Աթոռի Արտաքին Յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի Բաժնի Տնօրէն Գերշ. Տ. Նաթան Արքեպս. Յովհաննիսեանի գլխաւորած հոգեւորականաց պատուիրակութեան կողմէ ու առաջնորդուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին։

Իսկ 5 Մարտ 2022, Շաբաթ, Պատրիարք Հօր ի պատիւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մայր Աթոռոյ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եւ Ս. Վարդան Մատուռ-Մկրտարանի մէջ։ Մայր Աթոռոյ Լուսարարապետ Գերշ. Տ. Մուշեղ Եպս. Պապայանի գլխաւորութեամբ, միաբանութեան անդամներ ողջունեցին Նորին Ամենապատուութեան գալուստը։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյս միաբաններ՝ Հոգշ. Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան, ինչպէս նաեւ նախկին Պոլսահայ՝ Արժ. Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չէթինքայաեան, որոնք Հայաստան կը գտնուին։

Արարողութեան ընթացքին, Լուսարարապետ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան խօսք արտասանեց եւ յայտնեց, թէ՝ Նորին Ամենապատուութիւնը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ գումարելի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի նիստերուն մասնակցելու համար կը գտնուէր Ս. Էջմիածին, առիթ մը որ ուրախութիւն կը պատճառէր նաեւ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան։ Նորին Սրբազնութիւնը, անդրադարձաւ Պատրիարք Հօր որպէս Պոլսոյ Աթոռոյ գահակալ առաքելութեան եւ գործունէութեան կարեւորութեան։ Այս առթիւ յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանութեան ողջունեց մեր Հոգեւոր Պետը եւ բարի կեցութիւն մաղթեց։ 

Ապա Պատրիարք Հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց՝ հանդէպ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետին։ Յիշեցուց, թէ՝ ինք երկար տարիներ պաշտօնավարած էր Ս. Էջմիածնի հովանիին ներքեւ, ինչպէս նաեւ Ս. Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց Վանքէն ներս։ Յայտնեց, թէ՝ սրբավայրերուն մէջ անձեր երբ տեւաբար կը մնան, սովորականի կրնան վերածուիլ այդ սրբութիւնները։ Իսկ երբ բաժնուելէ յետոյ, կրկին այցելութիւն կը տրուի սրբավայրերուն, այցելուներ առաւել եւս լաւ կը հասկնան տեղւոյն նշանակութիւնը։ Հետեւաբար, Ս. Էջմիածնի կեցութիւնը այս նշանակութեամբ յատկանշական պիտի ըլլար։ Պատրիարք Հայրը, իր խօսքերուն մէջ շեշտեց Մայր Աթոռի նուիրականութիւնը եւ Հայ Եկեղեցիէն ներս ունեցած կարեւորութիւնը եւ իր այցելութիւնը որակեց դէպի տուն գալուստ։ Խօսքի աւարտին, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր, իր հիւրընկալութեան համար եւ Մայր Աթոռոյ միաբանութեան մաղթեց ամենայն բարիք։

Արարողութեան աւարտին, Պատրիարք Հայրը հակիրճ հարցազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստաընկերութեան հետ եւ իր կեցութեան մասին տեղեկութիւններ փոխանցեց։ 

Պատրիարք Հայրը, ընկերակցութեամբ Լուսարարապետ Սրբազան Հօր եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քահանայի, ուղղուեցաւ դէպի Վեհարան, ներկայանալու համար Վեհափառ Հայրապետին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın