İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ / SOSYAL YARDIM KOMİSYONU TOPLANTISI

Պատրիարքական Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբը եւ մեր եկեղեցիներու Աղքատախնամ մարմիններու վարիչները, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ խորհրդակցական ժողով մը ունեցան 2 Մարտ 2022, Չորեքշաբթի երեկոյ, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

Ժողովի ընթացքին շեշտուեցան Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի եւ Աղքատախնամ մարմիններու 2020 եւ 2021 տարիներու ընթացքին համագործակցութեան արդիւնաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ ապագայի համար մշակուած ծրագիրները։

Յատկապէս խորհրդակցութիւն տեղի ունեցաւ 2022 տարոյն ընթացքին կարիքաւորու ցանկի, տարուած ծառայութեան բազմազանութեան, օժանդակութեան քանակի բարձրացման եւ պետական ընթացակարգի մասին, փորձագէտներու կարծիքներու առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ գաղափարներու փոխանակում։

Ժողովը իր աւարտին հասաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր առաջարկներով, շնորհակալութեան խօսքով եւ օրհնութեամբ։

***

Türkiye Ermenileri Patrikliği Sosyal Yardım Komisyonu (PSYK) ve Kilise Fakir Kolları yöneticileri; Kadasetli Patrik Hazretleri riyasetinde 2 Mart 2022 Çarşamba günü toplandı.

2020 ve 2021 boyunca PSYK ve Kilise Fakir Kolları işbirliğinin verimliliği ve geleceğe dönük projeler üzerinde duruldu. 

Özellikle 2022 itibariyle ihtiyaç sahipleri, sunulan hizmet çeşitliliği ve miktarlarının arttırılması ile resmi prosedürler gibi konular üzerinde ve uzman görüşleri eşliğinde fikir alışverişi yapıldı. 

Toplantı, Patrik Hazretlerinin gözlemleri, önerileri ve teşekkürlerini iletmesini takiben hayır duasıyla sona erdi.

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

Kaynak: Türkiye Ermenileri Patrikliği https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın