İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՄԵԿՆԵՑԱՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 4 Մարտ 2022, Ուրբաթ երեկոյեան, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս Էջմիածին։

Նորին Ամենապատուութիւնը նախ միաբան հայրերու, քահանաներու եւ Աթոռոյս ժառանգաւոր սաներու կողմէ առաջնորդուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճար, ուր կատարեց ճանապարհի աղօթքը։ Ապա ներկաներուն ըսաւ թէ Մայր Աթոռ կը մեկնի Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի ժողովներուն մասնակցելու համար։ Մեր Հոգեւոր Պետը ըսաւ, որ ճամբորդութիւնները գեղեցիկ, ուսուցանող, նոյնքան ալ յոգնեցուցիչ են։ Սակայն ուղեւորները պահպանողը Աստուած ինքն է։ Նորին Ամենապատուութիւնը ըսաւ որ աղօթող ըլլան իրեն եւ առաքելութեան համար։

Պատրիարք Հօր այս ուղեւորութիւնը պիտի տեւէ շաբաթ մը եւ Աթոռ պիտի վերադառնայ յառաջիկայ Ուրբաթ։ Նորին Ամենապատուութեան կ’ընկերանայ Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın