«Բառիկ»ը վերջին ամսուան նորագոյն առցանց խաղն է, որ բոլորս ուրախ կը պահէ:
Արդէն իսկ օրական հազար հոգի կը խաղայ այս շատ պարզ, բայց ուղեղ աշխատցնող խաղիկը:
Հետեւելով ամերիկեան «Ուըրտըլ» խաղին, «Բառիկ»ի նպատակը նոյնն է. գտնել հինգ գիրերէ բաղկացած օրուան բառը. տարբերութիւնը այն է, որ փնտռուած բառը հայերէն է ու դասական ուղղագրութեամբ կը ներկայանայ մեզի:
Օրէնքն ալ շատ պարզ է. սեպենք պահուած բառը «երկար է» եւ մենք խաղին տակը գտնուող ստեղնաշարը գործածելով՝ կը մեքենագրենք «կարագ»: Եթէ երկու բառերը բաղդատենք, պիտի տեսնենք, որ միայն կարագին երկրորդ «ա»ը ճիշդ է եւ ճիշդ տեղն է, մինչ «կ» եւ «ր» գիրերը գոյութիւն ունին, բայց ճիշդ տեղը չեն: Առաջին պարագային գիրը կանաչով կը գունաւորուի, իսկ երկրորդ պարագային՝ դեղինով. եթէ գիրը բնաւ չկայ բառին մէջ, կը մնայ մոխրագոյն կամ սեւ:
Եթէ բառը արագ մը գտնենք՝ հանճար ենք. եթէ երրորդ տողին գտնենք՝ փայլուն ենք. եթէ վերջին տողին գտնենք՝ «հազիւ-հազ» յաջողած ենք …
Բառիկը կը խթանէ միտքը եւ պատանիին, երիտասարդին կամ տարիքաւորին կը պարգեւէ քանի մը վայրկեան անվճար գոհունակութիւն:
Եթէ պատահի, որ վերջին տողին հասած ենք եւ բառը չենք գտած, այն ատեն պահուած բառը կը յայտնուի:
Մեծ նորութիւնը այն է, որ «Բառիկ»ը պատրաստած երկու ընկերները՝ Սուրէն Փափազեան եւ Շահէն Արապօղլեան, քայլ մը առաջ երթալով, այնպէս մը ըրած են, որ եթէ յայտնուած բառին վրայ «կոխենք», մեր առջեւ կը բացուի «Նայիրի» առցանց բառարանը, այդ բառին բացատրութեամբ:
Տարբեր հայկական վարժարաններու մէջ, կարգ մը հայերէնի ուսուցիչներ արդէն իսկ ձեռնարկած են «Բառիկ»ը ներառնելու առօրեայ իրենց դասի ծրագրին մէջ ու կ՛ըսեն, թէ աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ կը սպասեն օրուան բառը գտնելու վայրկեանին:
Իսկ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայ մարդիկ կը վկայեն, թէ առաւօտ կանուխ, հազիւ արթնցած՝ «Բառիկ» կը փնտռեն ու նոր օրը ուրախ տրամադրութեամբ կը դիմաւորեն:
Բարի երթ՝ «Բառիկ»ին, որուն հասցէն հետեւեալն է՝ Parig.xyz
İlk yorum yapan siz olun