İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԳԵՐՅ. Տ. ՎԱՐԴԱՆ Ծ. ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ  ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց քաղաքիս Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսարանէն Գերյ. Տ. Վարդան Ծ.  Վրդ. Գազանճեանի քաղաքավարական այցելութիւնը։

Գերյարգելի հիւրը  յայտնեց, որ փափաքած էր այս անգամ անձնական այցելութեամբ գալ Պատրիարք Հօր։

Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար։ Զրոյց տեղի ունեցաւ առօրեայ նիւթերու մասին, ինչպէս նաեւ Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի առողջութեան եւ այլ նիւթերու մասին։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın