İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՐՃԱՏԵՒ ՈՒ ՋԵՐՄ

Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Տիգրան Պասկեւիչեան եւ իր գլխաւոր օգնականը՝ Սաթենիկ Ֆարամազեան շաբաթավերջին երկօրեայ այցելութիւն մը տուին քաղաքս։ Հայաստանի մտաւորականութեան վառ ներկայացուցիչներէն մին է Տիգրան Պասկեւիչեան, որ գործունէութիւն կը ծաւալէ նաեւ հասարակական եւ քաղաքական գետնի վրայ, հեղինակած է գիրքեր։

Տիգրան Պասկեւիչեան եղած է գլխաւոր արտադրողն ու բեմագիրը «ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ժամանակը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին, որ պատրաստուած էր թերթիս դարադարձի շրջանին, արժեւորելու համար 100-ամեակի յոբելենական հանգրուանը։

Տիգրան Պասկեւիչեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան շաբաթավերջի իրենց կարճ կեցութեան ընթացքին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ խորհրդակցութիւններ ունեցան «Ալիք մետիա»ի նախաձեռնութեամբ մշակուած ծրագրի մը իրականացման հեռանկարին շուրջ։

Մինչ այդ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին կողմէ ընթրիքի սեղան մըն ալ սարքուեցաւ Տիգրան Պասկեւիչեանի եւ Սաթենիկ Ֆարամազեանի համար։ Երեկոյթի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ օրհնեց սեղանը։ Ներկայ էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Արփինէ Սարգսեան։

Ընթրիքի սեղանին շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ հիւրերը զրուցեցին զանազան նիւթերու շուրջ՝ կարծիքի փոխանակումներ ունենալով հայաշխարհի օրակարգային խնդիրներուն, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին, Հայաստանի իրադրութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի հեռանկարներուն շուրջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հրաժեշտի պահուն ներկաներուն տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը եւ իւրաքանչիւրին յաջողութիւն մաղթեց՝ ծաւալած գործունէութեան համար։

Տիգրան Պասկեւիչեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան այս առաւօտեան ուղիղ թռիչքով վերադարձան Երեւան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-02-2022-կարճատեւ-ու-ջերմ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın