İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԵՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-113

Բուն Բարեկենդանի առթիւ Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ 27 Փետրուար 2022, Կիրակիառաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէսարարողութիւն։

Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. ՍեդրաքՍրկ. Տավութհան, Բրշ. Հմայեակ Սրկ. Գօչումեան, Բրշ. Արմենակ Սրկ. Գազանճեան եւ Բրկ. ԱրտէնՈւր. Դպիր Թունչ։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Վարդանանց Դաս Դաս Երգչախումբիանդամները, առաջնորդութեամբ Բրշ. Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ ԼիւսիԳահվէճիօղլուի։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ նախ անդրադարձաւԲարեկենդանի իմաստին վրայ։ Բարի կեանքը՝ երջանկութիւնը մարդուն ամենաշատ փնտռածբանն է եւ Բարեկենդանը դրախտի երջանկութեան յիշատակութեան օրն է։ Եւ մարդըերջանկութեան ու յաւիտենական կեանքի համար ստեղծուած է արդէն։ Մարդ կը փնտռէերջանկութիւնը, սակայն յաճախ սխալ տեղ կը փնտռէ։ Մարդուն արարիչը՝ Աստուած միայն գիտէթէ ուր է երջանկութիւնը։ Աստուծոյ օրէնքները մեզ ցոյց կու տան երջանկութեան ճանապարհը։«Երջանկութեան գաղտնիքը միասնականութեան մէջ է» ըսաւ մեր Հոգեւոր Պետը եւ եկեղեցին ալմիասնականութիւն է։ Ճիշդ ապրուած կեանքի վարձատրութիւնն է ան եւ ճիշդ հիմերու վրայ դրուածկեանքի արդիւնքը։

Իր քարոզի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետը անդրադառնալով Եկեղեցւոյ Վարդանանց Դպրաց դասու113ամեակին եւ նոյն երգչախումբի 90ամեակին, շնորհաւորեց սոյն կրկնակ տարեդարձերը։Խօսեցաւ դպիրներու եւ դպրաց դասերու առաքելութեան ու կարեւորութեան մասին։ Շեշտեց նորսերունդ, երիտասարդ եւ մանուկ հասցնելու կարեւորութեան մասին ու այս մէկը իւրաքանչիւրդպրաց դասու, ընդ որս Վարդանանց Դպրաց Դասու ամենակարեւոր պարտականութիւններէն է։

Հուսկ՝ Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ պաշտօն Վարդանանց ԴպրացԴաս Երգչախումբի հանգուցեալ նախագահներու, դպրապետներու, վարիչներու, անդամներու եւբարերարներու հոգւոցն ի հանգիստ։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Շիրինօղլու սրահին մէջ համավարակի պայմաններուներքեւ սեղմ շրջանակի մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın