Նոթրը-Տամ-Տը-Սիոն ֆրանսական լիսէի նախաձեռնութեամբ այս տարի 5-րդ անգամ նախատեսուած է «Istanbul Orchestra’Sion» անուանեալ միջազգային դաշնակի մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Այս վարժարանը կը կազմակերպէ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց շնորհիւ կը հանդիսանայ քաղաքիս ընկերամշակութային բանուկ կէտերէն մին։ Դպրոցի գեղարուեստասրահէն ներս նախընթաց օր տեղի ունեցաւ այս տարուան Դաշնակի միջազգային մրցոյթի ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը։ Այս առթիւ յիշեցուեցաւ, որ 2013 թուականէն ի վեր երկու տարին անգամ մը կը կազմակերպուի այս ձեռնարկը՝ նպատակ ունենալով աշխարհի զանազան անկիւններէն ընտրուած, միջազգային մակարդակով արհեստավարժ երաժիշտները համախմբել ու ծանօթացնել։ Սա այդ արուեստագէտներուն տեսակէտէ հնարաւորութիւն մը կը դառնայ՝ իրենց երաժշտութիւնը զարգացնելու եւ զայն բաժնելու նոր հարթակ մը ունենալու տեսակէտէ։
Մրցոյթի քննութիւնները նախատեսուած են հիւրընկալ վարժարանի համերգասրահին մէջ։ Թեկնածուները պէտք է 1 յունուար 1982 թուականէն վերջ ծնած ըլլան։ Ընտրութեան առաջին փուլը լսատեսողական դիմումներու հիման վրայ պիտի կատարուի։ Ընտրութիւններուն արձանագրուելու համար պէտք է կապուիլ հիւրընկալ վարժարանի կայքէջին։ Դիմումներու վերջնաժամկէտը պիտի ըլլայ յառաջիկայ մայիսի 27-ը։ Առաջին զտումը յառաջիկայ յունիսին նախատեսուած է։ Մինչեւ 15 յունիս 2022 թուականը դիմողները պիտի ունենան ժխտական կամ դրական պատասխան։ Մրցոյթի աւարտին մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր երեկոյթ մը նախատեսուած է։ Դափնեկիրներուն պիտի շնորհուին դրամական պարգեւներ։
Մրցոյթի դատակազմը կը գլխաւորէ Ժան-Իվ Քլեման։
Նախընթաց օրուայ մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին վարժարանի տնօրէն Ալեքսանտր Ապելլան, Ժան-Իվ Քլեման, Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէ Կովէն, մրցոյթի պատուոյ խորհուրդէն յայտնի դաշնակահար Սիւհէր Փեքինել, «Անտանթէ» դասական երաժշտութեան հանդէսի գլխաւոր խմբագիր Սերհան Պալի, «Orchestra’Sion»ի խմբավար Օրչուն Օրչունսել եւ մրցոյթի ընդհանուր քարտուղար Էմմանիւել Պոֆիս։ Հարկ է նշել, որ հիւրընկալ վարժարանի տնօրէն Ալեքսանտր Ապելլան, միեւնոյն ժամանակ, կը հանդիսանայ այս մրցոյթի նախագահը։
İlk yorum yapan siz olun