İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ Ս. ՀՌԻՓՍԻՄԵԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ երկար ժամանակէ ի վեր պաշտամունքի փակուած էր, 25 Փետրուար 2022, Ուրբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։

Արարողութեան մասնակցեցան Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, քահանայից դասու անդամներ։ Արարողութեան ներկայ եղան շրջանի Յոյն Եկեղեցւոյ Գերշ. Տ. Ափոսթոլոս Մետրոպոլիտը, Սարըյէրի Քաղաքապետ Շիւքրիւ Կէնչ, ինչպէս նաեւ Ատենապետ Մուրատ Սիւմէի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամները։

Ժամը 11.00-ին, Նորին Ամենապատուութիւնը, ժամանեց Պիւյիւքտէրէ եւ դիմաւորուեցաւ հոգեւորականաց եւ եկեղեցւոյ պատասխանատուներու կողմէ։ Ապա, եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւն, որմէ յետոյ ներկաներ մուտք գործեցին բարեզարդեալ եկեղեցին։ Արարողութեանց երգեցողութիւնները կատարուեցաւ ներկայ հոգեւորականներու եւ դպիրներու կողմէ։ Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց Ս. Հռիփսիմեանց Եկեղեցւոյ աւագ սեղանը, քովնտի սեղանները  եւ խորհրդանոցները։ Մկրտարանի եւ աւանդատան խորանները եւ մկրտութեան աւազանը օծեց  Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս։ 

Օծման արարողութենէն յետոյ, Նորին Ամենապատուութեան նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն։

Արարողութեան աւարտին Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ ուրախութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ մէջ կատարուած բարեզարդման աշխատանքին եւ սոյն գողտրիկ աղօթատան կրկին պաշտամունքի վերաբացուելուն կապակցութեամբ։ Պատրիարք Հայրը նախ հակիրճ կերպով անդրադարձաւ եկեղեցւոյ պատմութեան, շեշտեց ժամանակին հայաշատ, այսօր աւելի ուխտավայր դարձած եկեղեցւոյ մեր համայնքին եւ ընդհանրապէս հայ եկեղեցւոյ վայել վիճակի մտնելուն կարեւորութիւնը։ Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ Ս. Հռիփսիմէ Կոյսի եւ ընկերներուն, այլ խօսքով Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու վարքին ու վկայութեան մասին եւ յիշեցնելով Եկեղեցւոյ միացնող յատկութիւնը, պատուիրեց միանալ Ս. Հռիփսիմեանց ոգիին հետ, զայն իւրացնել եւ այդ ոգիով ապրիլ մեր կեանքը։ Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց Թաղային Խորհուրդը, որու առաջնորդութեամբ իրականացաւ սոյն հոյակապ աղօթատան բարեզարդման ամբողջ աշխատանքը։

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ, միասնաբար արտասանուած Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Ապա Թաղային Խորհուրդը հոգեւորականաց դասն ու բարեզարդման աշխատանքի երախտաւորները հիւրասիրեց ընդունելութեամբ մը, որու ընթացքին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ եւ յուշատախտակ մը նուիրուեցաւ նկարիչ եւ արձանագործ Էրօլ Սարաֆեանին, որ եկեղեցւոյ սրբանկարները նորոգելէ զատ, բազմաթիւ նորեր ալ նկարած էր։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın