Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Պաքըրգիւղի Եկեղեցւոյ ընտանիքի ներկայացուցիչները։
Խումբին մաս կը կազմէին յանուն Թաղային Խորհուրդի՝ Մարի Եանճը եւ Սիլվա Աթընըզ, Վարժարանի նախկին տնօրէնուհիներէն Հերմինէ Պէնլեան եւ այժմու տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը։
Այցելուները Նորին Ամենապատուութեան յայտնեցին, որ պատրաստութեան մէջ էր Տատեան Վարժարանի 175ամեակին առթիւ յուշամատեանի մը հրատարակութիւնը, խոբագրութեամբ Հերմինէ Պէնլեանի, որ ըստ բաւականի նիւթեր հաւաքած էր։ Այս առթիւ խնդրեցին մեր Հոգեւոր Պետին օրհնութիւնը։Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց համայնքիս այս վարժարանին համար մշակուած գեղեցիկ ծրագրին համար եւ սիրով ընդառաջեց եղած հրաւէրին։
Պատրիարք Հայրը իր ուրախութիւնը յայտնեց համայնքիս այս վարժարանին համար մշակուած գեղեցիկ ծրագրին համար եւ սիրով ընդառաջեց եղած հրաւէրին։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun