Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 22 Փետրուար 2022, Երեքշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ եւ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասի մասնակցութեամբ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն։
Ս. Պատարագը մատոյց՝ Արժ. Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պչաքճեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Քահանայից Դասու անդամները, առաջնորդութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանի։
Նախքան Տէրունական Աղօթքը, Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան կարդաց Ս. Ղեւոնդ Երէցի ճառը, ապա խօսեցաւ Ղեւոնդ Երէցի, անոր հաւատքին ու ճառին մասին։ Ընդգծեց Ղեւոնդ Երէցի եւ անոր ընկերներուն հաւատքին հետեւանքը, որով մեր ժողովուրդը գոյատեւած էր մինչեւ այսօր։
Յաւարտ Ս. Պատարագի, Սրբազան Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ կատարուած հոգեհանգստեան արարողութեամբ, հանգստեան աղօթքներով յիշատակուեցան Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ բոլոր հոգեւոր սպասաւորները։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պատրիարքարանի մէջ հոգեւորականներու ի պատիւ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։
Սիրոյ սեղանին, արտայայտուեցաւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քահանան, եւ յանուն քահանայից դասուն շնորհաւորեց Պատրիարք Հօր Ս. Ղեւոնդեանց Տօնը։ Ելոյթներ ունեցան նաեւ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեան եւ Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։
Պատրիարք Հայրը եւս իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հոգեւորականներուն եւ սեղանակիցներուն։ Բացատրեց, որ Ղեւոնդ Երէց եւ իր ընկերներն էին, որ բերին իրենց մեծ ներդրումը հաւատքի պահպանութեան համար։ Ղեւոնդ Երէց գործեց լոկ քահանայի աստիճանով եւ ռահվիրան եղաւ Քրիստոնէական հաւատքի ջատագովութեան։ Ընդգծեց, որ Ղեւոնդի եւ Ղեւոնդեանց հաւատքն ու գործունէութիւնը որպէս տիպար ընկալելու պէտքն ունինք։ Մեր Հոգեւոր Պետը այս տօնի առիթով ներկաները հրաւիրեց, որ Պոլսոյ մէջ նոր սպասաւորներ եւս եկեղեցւոյ ծառայելու կոչումով յայտնուին Տիրոջ անդաստանէն ներս։
Սիրոյ սեղանը իր աւարտին հասաւ, հոգեւորականներու միասնաբար արտասանած աղօթքով։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun