İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՏՆՕՐԷՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ.Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը, 22 Փետրուար 2022, Երեքշաբթի, ժամը 16.00-ին ընդունեց Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի առաջնորդութեամբ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի Տնօրէն Խորհուրդը եւ վարիչ՝ Յակոբ Մամիկոնեանը։ Ընդունելութեան ներկայ էր Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայ Տամատեան։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր գոհունակութիւնը յայտնեց տեղեկանալով երգչախումբի աշխատանքներուն եւ իրենց մշակած ծրագիրներուն մասին։ Գնահատեց իրենց ծառայութիւնը եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։ Հիւրերը Պատրիարք Հայրը հրաւիրեցին Կոմիտաս թատերախաղին, որ կը բեմադրուի Yolcu Tiyatro gurubu եւ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի գործակցութեամբ Որդւոց Որոտման եկեղեցւոյ (Մեսրոպ Պատրիարք մշակոյթի կեդրոն) մէջ։ Տեղեկութիւն տուին խաղի մասին, որուն հեղինակն է Ահմէտ Սամի էօզպուտաք, բեմադրիչը՝ Էրսին Ումութ Կիւլէր, իսկ միակ դերակատարը՝ Ֆէհմի Քարարսլան, 85 վայրկեան տեւող խաղի ընթացքին առանձինն կը ներկայացնէր Կոմիտաս Վարդապետի կեանքի զանազան դրուագները։ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբը վարագոյրի ետեւէն մերթ ընդ մերթ իր մասնակցութիւնը կը բերէր Կոմիտասեան հոգեւոր եւ աշխարհիկ խմբերգներով։

Նորին Ամենապատուութիւնը ընդունեց հրաւէրը եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın