İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐԵԶԱՐԴԵԱԼ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Փետրուար 2022, Կիրակի, նախագահեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքին։ Երկու օր առաջ պաշտամունքի վերաբացուած Եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուէր անդրանիկ Ս. Պատարագը։

Սուրբ Պատարագը մատոյց Պէյօղլուի Սուրբ Եկեղեցեաց Երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպիրները։

Ժամերգութեան երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Ասողիկ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, իսկ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները՝ Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, խմբավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Սիրուն Սիրունեանի։

Ներկայ եղան Սիմոն Չէքէմի գլխաւորած Թաղային Խորհուրդի անդամները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Տէրունական Աղօթքէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Ամենակալին Աստուծոյ Ս. Երրորդութիւն բարեզարդեալ եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի մատուցման առթիւ։ Գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ քաջալերեց ու մաղթեց որ այս տաճարն ու մեր բոլոր տաճարները իրենց մէկ եւ նոյն նպատակին ծառայեն։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր խօսքը շարունակեց Սաղմոսաց գիրքէն համարով մը. «Տէրը ու անոր զօրութիւնը խնդրեցէք,ամէն ժամանակ անոր երեսը փնտռեցէք» (Սաղմոս 105.4)։ «Աստուծոյ երեսը փնտռել հաւատացեալին գործն է» ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը, սակայն առօրեայ կեանքը չի թողուր, որ մարդ այսպէս ապրի եւ կարծես ամէն ինչ առիթ կ’ըլլան, որ մարդ մոռնայ զԱստուած։ Սակայն երբ մարդ եկեղեցի կը մտնէ, կը փնտռէ Աստուծոյ երեսը։ Տաճարներ յատուկ կերպով մարդը Աստուծոյ հետ միանալու առիթը կ’ընծայեն։ Եւ երբ մարդ կը կեդրոնանայ, իր ուշադրութիւնը, սիրտն ու հոգին կը կեդրոնացնէ Աստուծոյ վրայ՝ կարծես բան մը կը մտնէ մարդուն կեանքէն ներս, ինչպէս դեղահատ մը եւ այդ մէկը կազդուրիչ ու բուժիչ ոյժ ունի։ Այդ բանը Սուրբ Հոգին է։ Մարդուն խելքը չի հասկնար, չի կրնար հասկնալ այս պարագան։ Տիեզերքը ստեղծուած է խելքով, սակայն ո՛չ թէ մարդու խելքով, այլ՝ Աստուծոյ։ Եւ արարչագործութեան մէջ խելքին առընթեր կայ նաեւ հոգին։ Մենք այդ հոգիին հետ յարաբերութեան մէջ մտնենք։

Մեր Հոգեւոր Պետը ապա յիշեցուց օրուան սուրբգրական հատուածէն մաս մը, ուր Տէր Յիսուս կ’ըսէր. «Եթէ մէկը ծարաւ է, թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ կը հաւատայ ինծի, անոր մէջէն կենդանի ջուրերու գետեր պիտի բխին»։

Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզի վերջաւորութեան անդրադարձաւ Տէր Յիսուսի Ղազարոսի տունը այցելութեան պարագան, երբ Ղազարոսի քոյրերէն Մարիամը իրեն կը լսէր, իսկ Մարթան ճաշ կը պատրաստէր։ Տեսարանը կը նմանի մեր այսօրուան կեանքին։ Կարեւորը Մարիամի նման ըլլալն է, որ կը նախընտրէր Աստուծոյ առջեւ կենալ եւ Անոր երեսը փնտռել։

Պատրիարք Հայրը յիշեցուց, որ Աստուծոյ վրայ կեդրոնացած միտք ու հոգին, Անկէ զօրութիւն կ’առնէ։ Իւրաքանչիւրս բազմաթիւ հարցեր ունինք եւ ասոնց համար պէտք է հոգեւոր «դեղ ստանալ», այս մէկը կ’ըլլայ Աստուծմով, հաւատալով, եկեղեցի գալով, աղօթելով, Ս. Հաղորդութիւն ստանալով։ Եւ այսպէս՝ մեր ներսէն կենդանի ջուրի աղբիւրներ պիտի բխին։

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Եկեղեցւոյ փակին մէջ՝ իր շիրմին շուրջ կատարուած հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Երանաշնորհ Յակոբ Ջուղայեցի Կաթողիկոսը։

Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın