Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 21 Փետրուար 2022, Երկուշաբթի, ընդունեց Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի առաջնորդութեամբ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի եւ համանուն Դպրաց Դաս Երգչախումբի ներկայացուցիչները։
Այցելուները Նորին Ամենապատուութեան յայտնեցին, որ եկած էին հրաւիրելու աւանդաբար Բուն Բարեկենդանին նշուող Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբի տարեդարձին համար մեր Հոգեւոր Պետին հովանաւորութիւնը եւ նախագահութիւնը խնդրելու։
Պատրիարք Հայրը յիշեցնելով իր երանաշնորհ նախորդներու օրերէն իսկ աւանդութիւն դարձած սոյն հանդիսութեան հրաւէրին համար սիրով տուաւ իր օրհնութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց, որ աշխատասէր սոյն Դպրաց Դասը, հակառակ համավարակի պայմաններուն, իր կարելին կ’ընէ աւանդութիւնը յարգելու եւ Ֆերիգիւղի հայաշատ թաղի Ս. Եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու համար։
Աղբիւր։ ՊատրիարքութիւնՀայոց – Ermeni Patrikligi https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate
İlk yorum yapan siz olun